Հաղորդագրութիւն

Հայ նորահաս սերունդին առողջ կրթութիւն տալը, եւ ի մասնաւորի անոր հայեցի ամուր դաստիարակութիւն ջամբելը Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հետապնդած գլխաւոր նպատակներէն  մէկը եղած է միշտ: Իսկ նոր սերունդներու առողջ եւ արդիւնաւէտ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու գործընթացը կը պայմանաւորուի մասնագիտացած, մանկավարժ եւ ատակ ուսուցիչներու գոյութեամբ:

Վերջին տարիներուն, հայոց լեզուի ու գրականութեան, պատմութեան ու մշակոյթի դասաւանդութեան մարզերուն մէջ, նշեալ ստորոգելիները ունեցող ուսուցիչներու թիւը հետզհետէ նահանջ կ՛արձանագրէ, հայկական բազմաթիւ վարժարաններու մէջ, ամբո՛ղջ սփիւռքի տարածքին: Եթէ հայերէնագիտական նիւթերու դասաւանդ կարող ուսուցիչներու թիւի նուազումը շարունակուի  ներկայ ընթացքով, ոչ հեռու ապագային մեր նորահաս սերունդի հայեցի կրթութեան ծրագիրները մեծ տագնապներու պիտի մատնուին:

Այս խնդիրին լուծում գտնելու ճիգին մէջ եւ իբրեւ գործնական նախաքայլեր, առնուած են հետեւեալ նախաձեռնութիւնները.

1) Առաջարկուած է Հայաստանի կրթութեան նախարարութեան, որ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ հաստատուի հայերէնագիտական կրթութեան խտացուած ծրագիր մը: Առաջարկուած ծրագիրին ուսումնական տեւողութիւնը պիտի ըլլայ երկու տարի: Ծրագիրի աւարտին ուսանողը պիտի ստանայ մագիստրոսի վկայական: Ծրագիրը պիտի ներառէ արեւմտահայերէնի, հայոց պատմութեան, հայ գրականութեան եւ հայ մշակոյթի  դասաւանդման բաժիններ: Ծրագիրին հետեւող ուսանողները մեծաւ մասամբ պիտի ըլլան սփիւռքի վարժարաններուն մէջ հայերէնագիտական նիւթեր դասաւանդելու համար պատրաստուող սփիւռքահայեր:  Ծրագիրին նպատակը պիտի ըլլայ նման ուսանողներու  անհրաժեշտ հայերէնագիտական մասնագիտացում ջամբել: Այս առաջարկին գործադրութեան առնչութեամբ կը գտնուինք ծրագրումի հանգրուանի մէջ:

2) Հաստատուած է հայերէնագիտական նիւթերու ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիր մը, որ կազմուած է հետեւեալ երկու հանգրուաններէն.

Ա) Սփիւռքի հայկական վարժարանէ մը հայերէնագիտական նիւթերու մէջ լաւ արդիւնքներով շրջանաւարտ երիտասարդը/ուհին կը հետեւի մանկավարժական համալսարանական ծրագիրի մը (Education), որուն աւարտին կը ստանայ BA-ի կամ Licence-ի վկայական: Այս առաջին հանգրուանը կ՛ամբողջացուի իր բնակած երկրին մէջ:  Նոյն հանգրուանին կամ աւելի ուշ ուսանողը կ՛ամբողջացնէ Teaching Diploma-ի (Diplome d՛Enseignement) ծրագիր մը:

Բ) Երկրորդ հանգրուանով ուսանողը կ՛ամբողջացնէ վերը մատնանշուած Երեւանի պետական համալսարանի հայերէնագիտական մասնագիտացումի` մագիստրոսի մակարդակի  ծրագիրը:

Հայերէնագիտական նիւթերու ուսուցիչներու պատրաստութեան այս ծրագիրը արդէն ընթացք առած է: Մէկ ուսանող արդէն իսկ սկսած է հետեւիլ իր Licence d՛Education-ի ծրագիրին:

3) Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը պատրաստ է հոգալու այս ծրագիրին հետեւող առաջին քանի մը ուսանողներուն ուսման եւ Հայաստանի մէջ կեցութեան ամբողջական ծախսերը:  Աւելի մեծ թիւով ուսանողներու ծախսերը հոգալու համար, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը պատրաստ է գործակցելու կրթական կամ բարեսիրական այլ կազմակերպութիւններու կամ կառոյցներու հետ: Նաեւ կը ծրագրուի հիմնել այս նպատակին սատարող յատուկ հիմնադրամներ` հայցելով օժանդակութիւնը  ազնիւ եւ հոգածու ազգայիններու:

4) Այս ուսանողներէն պիտի պահանջուի գրաւոր համաձայնագիրով մը ստանձնել բարոյական պարտաւորութիւնը, ուսումը աւարտելէ ետք, առնուազն եօթը տարի հայկական վարժարանի մը մէջ պաշտօնավարելու իբրեւ հայերէնագիտական նիւթի ուսուցիչ:

Արդ, սոյն հաղորդագրութեամբ կը փափաքինք յայտարարել, թէ այս ծրագիրը սկսած է արդէն: Ապա նաեւ գործակցութեան կոչ ուղղել հետաքրքրուած կրթական կամ բարեսիրական  կազմակերպութիւններուն եւ կառոյցներուն: Գործակցութեան կոչ ուղղել նաեւ սփիւռքի հայկական վարժարաններուն: Վերջապէս, հրաւիրել հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտ եւ այս ծրագիրով հետաքրքրուած աշակերտները, որ կապ պահեն Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակին հետ ([email protected], 00961-4-715684):

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

6 օգոստոս 2012

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )