Սինայի Մէջ Եգիպտական Սահմանային Ուժերու Դէմ Յարձակում. Եգիպտոս Կը Խոստանայ Բուռն Կերպով Հակադարձել

Մոհամետ Մուրսի

Կիրակի երեկոյեան Սինայի մէջ Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի սահմանին մօտ գտնուող եգիպտական սահմանապահ ուժերու զօրանոցի մը դէմ կատարուեցաւ յարձակում մը, որուն պատճառով եգիպտացի 16 զինուորներ սպաննուեցան: Զինեալները եգիպտական բանակին պատկանող զրահապատ երկու մեքենաներ գրաւեցին: Յարձակումը տեղի ունեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ գտնուող Քարամ Ապու Սալեմ սահմանային անցքէն ոչ հեռու:

Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի խոստացաւ Սինան ամբողջական վերահսկողութեան ենթարկել` շեշտելով, որ եգիպտական բանակը այդ շրջանը իր վերահսկողութեան տակ պիտի առնէ եւ միաժամանակ խոստանալով, որ յարձակումին հեղինակները իրենց արարքին գինը պիտի վճարեն: «Այս արարքը դիւրին պիտի չանցնի», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ «բոլորը պիտի տեսնեն, որ եգիպտական բանակը, ոստիկաններն ու զինեալ ուժերը կարող են ոճրագործները հետապնդել, ուր որ ալ գտնուին անոնք»:

Նախագահը աւելի ուշ երկրին մէջ եռօրեայ սուգ յայտարարեց:

Եգիպտոսի վարչապետ Հիշամ Քանտիլ իր կարգին «ահաբեկչական» յարձակումին ետին կանգնողներուն սպառնաց «բիրտ եւ ցաւ պատճառող» հակադարձութիւն կատարել` աւելցնելով, որ ինք եգիպտական զինեալ ուժերուն հետ աշխատանք պիտի տանի «նահատակներուն արիւնահեղութեան պատիժը իրագործելու համար»:

Եգիպտոսի Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդը նոյնպէս խոստացաւ Սինայի մէջ սպաննուած եգիպտացի զինուորներուն «վրէժը լուծել»` շեշտելով, որ բոլոր անոնք, որոնք անցնող ամիսներուն եգիպտական ուժերուն վրայ ձեռք բարձրացուցած են, սուղ գին պիտի վճարեն, «ուր որ ալ գտնուին անոնք` Եգիպտոսի հողերուն վրայ, թէ դուրս»: Խորհուրդը նշեց, որ եգիպտացիները երկար պիտի չսպասեն կատարուած յարձակումին պատասխանը տեսնելու համար:

Եգիպտոս միջադէպին իբրեւ առաջին հակազդեցութիւն անորոշ թուականով փակեց Կազայի հետ Ռաֆահի անցքը: Կազայի մէջ Համասի կառավարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ Եգիպտոսի հետ փապուղիները անորոշ թուականով կը փակէ:

Եգիպտոսի նախագահութեան նախկին թեկնածու Համտին Սիպահի զգուշացուց, որ Եգիպտոսի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը վտանգուած են` եգիպտական իշխանութիւններէն պահանջելով կարելի ամէն ջանք թափել այս «երկչոտ» արարքին պատասխանատուները հաշուետուութեան կանչելու:

Ան դատապարտեց իսրայէլեան օդուժին կողմէ գործողութեան հեղինակները եգիպտական հողամասերուն մէջ թիրախ դարձնելու արարքը` նշելով, որ «այդ մէկը Եգիպտոսի գերիշխանութեան թերագնահատում մըն է»:

Նշենք, որ իսրայէլեան օդուժը հարուածեց եգիպտական բանակէն գողցուած զրահապատ մեքենաները եւ իսրայէլեան հրետանին ամբողջ գիշերը ռմբակոծեց դէպքին մերձակայ շրջանները:

Կիզայի շրջանին մէջ սալաֆականներու ղեկավարութիւնը քաղաքական ղեկավարութեանց կոչ ուղղեց խիստ եւ ուժեղ կերպով հակադարձելու եգիպտացի զինուորներու սպանութեան արարքին: Ղեկավարութիւնը նաեւ զօրակցեցաւ պաշտպանելու համար Եգիպտոսի սահմանները եւ Սինան ապահով դարձնելու համար զինեալ ուժերու յարմար դատած քայլերուն:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ եգիպտացի զինուորներուն դէմ յարձակում գործողներէն 8-ն Իսրայէլ մուտք գործելու փորձի ատեն սպաննուած են:

Իսրայէլեան անկախ օրաթերթ «Մեկաֆոն» կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու եւ պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք շնորհակալութիւն յայտնած են իսրայէլեան ներքին գաղտնի սպասարկութեան` Շին Պեթի սպաներուն, որոնք քանի մը օր առաջ զգուշացուցած էին, որ Սինայի մէջ Քայիտայի եւ ժիհատական կազմակերպութեանց անդամներ կը պատրաստուին` Իսրայէլի դէմ զինեալ գործողութիւն մը կատարելու:

Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Նեթանիահու Գահիրէն տողատակի սուր քննադատութեան ենթարկած է` Սինայի թերակղզիին վրայ ապահովական վերահսկողութեան բացակայութեան համար: Պարաք իր կարգին եգիպտական իշխանութեանց կոչ ուղղած է, որ Սինայի մէջ ապահովութեան հաստատման եւ ահաբեկչութեան կանխարգիլման միջոցառումներ որդեգրէ:

Նեթանիահու նշած է, որ «իսրայէլեան բանակի եւ Շին Պեթի որդեգրած միջոցառումներուն շնորհիւ իսրայէլացի քաղաքացիներուն դէմ ահաբեկչական մեծ յարձակում մը ձախողութեան մատնուեցաւ»:

Մինչ այդ, Կազայի մէջ Համասի կառավարութենէն աղբիւր մը գերմանական «Տի.Փի.Այ.» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «Կազայի զինեալ խմբաւորումները որեւէ կապ չունին շրջանին մօտ ստեղծուած սահմանային ապահովական լարուածութեան հետ»: Ան Իսրայէլը զգուշացուց Կազայի դէմ զինուորական նոր արշաւի մը ձեռնարկելու ճամբան հարթելու համար Կազայի զինեալ խմբաւորումները ամբաստանելէ:

Share this Article
CATEGORIES