Ժոմպլաթ. «Ազգային Երկխօսութեան Յաջորդ Նիստին Պիտի Մասնակցիմ»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ինք 16 օգոստոսին տեղի ունենալիք երկխօսութեան նիստին պիտի մասնակցի:
Ժոմպլաթ վերահաստատեց 14 սուրիացի քաղաքացիներու արտայանձնումի որոշումին իր դատապարտումը` յայտնելով, որ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան ներկայացուցած պատճառաբանութիւնները զինք երբեք չեն համոզած:
«Այս պայմաններուն լոյսին տակ ես կը մերժեմ ոեւէ սուրիացի քաղաքացիի արտայանձնում, ըլլայ ան ոճրագործ, քաղաքական գործիչ թէ սովորական քաղաքացի: Այս հանգրուանին Սուրիա աղէտ կը դիմագրաւէ եւ անկարելի է այս պայմաններուն տակ օրէնքներու գործադրութեան պարտաճանաչութեան մէջ գտնուիլ», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով այս հարցին իմաստով իր եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ տարակարծութեան` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք յանձնառու է վարչապետին հետ իր յարաբերութեան եւ անոր հետ իր ունեցած տարակարծութիւնները ուղղակի երկխօսութեամբ կը լուծէ:

