«ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԺԱՄԱՆԱԿԱՄԻՋՈՑ ՍԱՀՄԱՆԵԼՈՒ ՆՊԱՏԱԿՆ է ԿԱԶՄԵԼ ՀԱՇՏ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ» ՇԵՇՏԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ
Նախանցեալ օր նախագահական պալատէն յայտարարելէ ետք, թէ ինք եւ հանրապետութեան նախագահը որոշած են յաւելեալ ժամանակ տալ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Թրիփոլիի մէջ իր այցելուներուն ներկայութեան յայտնեց, որ այդ աշխատանքին յաւելեալ ժամանակամիջոց մը սահմանելու նպատակն է շարունակել լիբանանեան քաղաքական ուժերուն հետ կայացած խորհրդակցութիւնները եւ կազմել հաշտ կառավարութիւն մը, որպէսզի քաղաքական, բարգաւաճման եւ ընկերային մարզերուն մէջ իր ծրագիրներուն գործադրութիւնը հեզասահ ընթացք ունենայ:
Միքաթի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին հետ կատարած իր քննարկումները կեդրոնացան կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին սկզբունքներուն վրայ, ինչպէս նաեւ կառավարութեան լրացնելիք չափանիշներուն եւ ոչ թէ կառավարութեան ձեւին վրայ:
Վարչապետը նշեց, որ յաւելեալ ժամանակամիջոց եզրով ինք ըսել չուզեց, թէ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը առկախուած է, այլ փափաքեցաւ նաեւ առիթ տալ քաղաքական ղեկավարութիւններուն` վերատեսութեան ենթարկելու իրենց կեցուածքները եւ շրջանային զարգացումները նկատի ունենալով վերստին գնահատական մը կատարելու` ի խնդիր Լիբանանի գերագոյն շահերուն:
Ան ընդգծեց, որ քաղաքական կեանքին մէջ շատ սովորական են երեսփոխանական պլոքներուն ներկայացուցած պահանջները, սակայն անհրաժեշտ է նաեւ նկատի ունենալ քաղաքական իրադարձութիւններն ու տուեալ երկրին մէջ տիրող պայմանները:
Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ քաղաքական, համայնքային, թէ յարանուանական բանավէճերու մէջ իյնալը դիւրին բան է, յատկապէս երբ այդ բանավէճը հիմնուած է տրամաբանական եւ համոզիչ տուեալներու վրայ, սակայն չկայ բանավէճ մը, որ պսակուած է յաջողութեամբ կամ գործնական արդիւնքներով: