Դաւիթ Խաչատրեան Ընդդէմ Մամուռ Ֆոլ
Հայաստանի մէջ ամէն պայման կայ արմֆայթինկի զարգացման համար, մեր խնդիրը այն է, որ հայ մարզիկը այսօր Հայաստանի մէջ մարզուի եւ այստեղէն դուրս գայ աշխարհի ախոյեանութեան եւ դառնայ աշխարհի ախոյեան: Այսպէս կը նկարագրէ մարզաձեւի վիճակը Հայաստանի մէջ արմֆայթինկի ֆետերասիոնի նախագահ Հայկ Ղուկասեան: Յառաջիկային Ռոստովի մէջ տեղի պիտի ունենայ Դաւիթ Խաչատրեան – Մամուռ Ֆոլ (Ֆրանսա) մենամարտը` աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին համար:
Ըստ Ղուկասեանի, մրցումը տեղի պիտի ունենար 11 յուլիսին, սակայն Մամուռ Ֆոլի վիրաւորուած ըլլալուն պատճառով, նաեւ կազմակերպական որոշ խնդիրներէ մեկնելով մենամարտը տեղափոխուեցաւ օգոստոսին:
CATEGORIES Մարզական