Վարչապետ Միքաթի Նախագահեց Շտապ Օգնութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նիստին
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն մասնակցեցաւ նաեւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել:
Նիստին ներկայ գտնուեցան առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ, գաղթականներու հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, Գաղթականներու հատուցման ազգային սնտուկի նախագահ Ֆատի Արամունի եւ Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Պաշիր:
Հանդիպումէն ետք նախարար Շարպել յայտնեց, որ իրենք քննարկած են խորհուրդին ներկայացուած շարք մը պահանջներ եւ անոնց մեծ մասը վաւերացուցած են` նկատի ունենալով, որ անոնց մեծ մասը վնասուած լիբանանցիներուն հատուցումներ են:
CATEGORIES Լիբանանեան


