Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Պուրխալթեր յայտնեց, որ Պըրն մտահոգ է Սուրիոյ իրադարձութիւններով եւ Լիբանանի վրայ անոր ունենալիք հաւանական ազդեցութենէն: Ան Զուիցերիոյ զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն համաձայն, Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Սայիտ Ժալիլիի Լիբանան այցելութիւնը երկրին գերիշխանութեան խախտում կը նկատուի:

ԻՐԱՆԻ Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Սայիտ Ժալիլի Լիբանանէն մեկնեցաւ Դամասկոս: Նշենք, որ «Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Ժալիլի կը ներկայացնէր Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէին եւ ոչ թէ այս կամ այն կուսակցութիւններէն մէկը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի կոչ ուղղեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին դասեր քաղելու Սուրիոյ վարչակարգէն անջատուած վարչապետ Ռիատ Հիժապի օրինակէն եւ իր կարգին անջատուելու Հըզպալլայի եւ նախագահ Պաշշար Ասատի կառավարութենէն:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեան հարցերու նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութեան եւ բարդութիւններուն լուծումը ամէնէն դժուար աշխատանքը պիտի ըլլայ: Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախարարները կը մերժեն համամասնական դրութեան հիման վրայ ընտրական օրէնքի մը որդեգրումը: Ան նշեց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատրաստ է 2013-ի ընտրութիւններուն ընթացքին արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութիւնը ապահովելու:

ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ղեկավար խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մուսթաֆա Համտան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի լիբանանեան պետական անձնաւորութիւններուն վրայ ամէն տեսակի մտաւոր ահաբեկչութիւն կը գործէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ Լիբանանը բոլոր լիբանանցիներուն կը պատկանի` աւելցնելով, որ ոչ մէկը կրնայ ջնջել միւսը:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ զէնքի ուժին տակ կարելի չէ ընդունիլ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած օրէնքը: Կառավարութեան մասին կատարած իր ակնարկին մէջ, Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան ճակատագիրը ուղղակիօրէն կապուած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի կ՛անդրադառնայ Թրիփոլիի մէջ սիւննի համայնքի գոյութեան, սակայն դժբախտաբար ան չի տեսներ նաեւ Պեքաայի մէջ գոյութիւն ունեցող սիւննիները:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը վաւերացնէ ընտրական նոր օրէնքը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Սայիտ Ժալիլիի այցելութեան նպատակն էր հարուածել Ազգային երկխօսութեան նիստը եւ զօրակցիլ Հըզպալլայի` նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ վարչակարգը հետզհետէ կը տապալի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութիւնը պէտք է «Կինես»-ի միջազգային մրցանիշներու գիրք մուտք գործէ` իր ձախողութեան համար:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան ընդդիմութիւնը երբեք չէ քաջալերուած մասնակցելու Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման խորհրդարան պիտի յղէ արդիական եւ բարեկարգուած ընտրական օրէնք մը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն, յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպաններ Թոմ Ֆլեչըրի եւ Մորա Քոնելլիի հանդիպումները ցոյց կու տան, թէ Լիբանանի կառավարութեան ընթացքին նկատմամբ անոնց կեցուածքը փոփոխութեան ենթարկուած է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ ազատագրումի եւ պաշտպանութեան ռազմավարութիւնները նոյն շրջագիծին մաս կը կազմեն եւ ամբողջական պէտք է ըլլան:

 

Share this Article
CATEGORIES