Ակնարկ. Թուրքիան Չէ, Լոնտոնն Է

ԱՆԻ ՄԵՃԼՈՒՄԵԱՆ
«Երկիր»

Մարզական աշխարհը որքան ալ որ ձգտած է հեռու մնալ քաղաքականութենէն, նոյնն է` ուժը կոկորդէն սեղմած եւ ստիպած է լռել, ստիպած է լալ անոնց, որոնք կեանք եւ առողջութիւն կը ներդնեն պատուոյ պատուանդան բարձրանալու եւ պատկան երկրի քայլերգը հնչեցնելու համար: Ինչ որ պաստառէն այս կողմ երկվայրկեաններ կը թուի, մրցումի գետնին, գորգին վրայ ամբողջ կեանք մըն է: Եւ թերեւս շատեր ըսեն, թէ ի վերջոյ մետալը մետալ է, ատով կեանքը չ՛աւարտիր, բայց իրականութիւնը այլ է… Թերեւս շատեր չյիշեն, որ հայաստանցի անուանի մարզիկներէն Ռոման Ամոյեան ազրպէյճանական խարդախութիւններու պատճառով չմասնակցեցաւ իրեն համար շատ սպասուած ողիմպիական խաղերուն:

Իւրաքանչիւր մարզիկի համար մարզական այս միջոցառումը (ողիմպիական խաղեր) մարզական ասպարէզի գագաթնակէտն է, որ չնուաճելը կեանքը կիսատ ձգել է:

Ըմբշամարտը, ըլլալով մարտարուեստ, մարզիկէն կը պահանջէ քրտնաջան աշխատանք եւ պարբերական մարզումներ: Որքան տիտղոսներ ալ, որ ըմբիշը ունենայ, ան ողիմպիական դափնիի մասին կ՛երազէ: Իսկ ատիկա կ՛ենթադրէ 4 տարի եւս, 4 տարի եւս առանց հանգիստի իրաւունքի եւ 4 երկվայրկեան եւս, որ կրնայ որոշել ոչ թէ սեփական չարչարանքդ, այլ իրաւարարի բացակայող խիղճը:

2012 թուական, Լոնտոն, աւարտականին ռուս Վլասովի հետ պայքարին մէջ երիտասարդ հայ ըմբիշը կը պարտուի 0-1, 0-1 հաշիւով: Ասիկա պարտութիւն չէ: Բայց ասիկա յաղթանակ ալ չէ հակառակորդին համար, որ դիմած էր ըմբշամարտի մէջ տակաւին հեռաւոր անցեալին կիրառուող հնարքին` իւղ օգտագործելուն:

Զուգահեռներ կայացնելու համար պատմեմ 1989-ին Թուրքիոյ Եւրոպայի ախոյեանութեան մէջ հօրս` Գնէլ Մեճլումեանի գլխուն եկածը:

Անգարայի մէջ կայացած Եւրոպայի ախոյեանութեան` Գնէլի վերջին մրցակիցը թուրք Շիւքրիւ Օղլին էր, որուն նպատակն էր անշուշտ, դառնալ ախոյեան եւ միաժամանակ վրէժխնդիր ըլլալ ատկէ երկու տարի առաջ (1987) Պուլկարիոյ մէջ իր դէմ Գնէլի տարած յաղթանակին համար: Իրաւարարներու անհասկնալի արտօնութեամբ, Շիւքրիւ Օղլի իր խմբակիցներուն նման մարմինը օծած էր ձիթապտուղի իւղով: Բայց ան այլ հնարք մը եւս ըրած էր. գօտեմարտի սկիզբէն տարօրինակ յարձակում սկսաւ` ջանալով դպնալ Գնէլի դէմքին, որ քիչ ետք սուր հոտ զգաց, կոկորդը սեղմուեցաւ, աչքերը արցունքոտեցան: Գնէլ հասկցաւ, որ մրցակիցին ձեռքերուն ափերը պատուած էին իւղով մը (ֆենալկոն քսուկ): Գնէլ անմիջապէս մարտավարութիւնը փոխեց, ձախողութեան մատնեց թուրքին խարդախութիւնները եւ յաղթեց:

Թուրքիան Թուրքիա է, ասիկա քաղաքակիրթ Լոնտոնն է: Այո՛, քաղաքակիրթ Լոնտոնը` ազրպէյճանական քարիւղի հոտէն քիչ մը գինովցած եւ ռուսական պալալայքայի տակ պարող:

Լոնտոնի ամառնային ողիմպիական խաղեր` 2012 թուական: Փոխախոյեանի տիտղոսը նուաճելէ ետք Արսէն Ճուլֆալակեան պատմեց, թէ ինչպէ՛ս իր մրցակիցը իւղ քսած էր մարմինին: «Օրէնքով իւղի օգտագործումը չ՛արտօնուիր: Բայց, զարմանալիօրէն, իրաւարարները Ռոմանի կողմէ իւղի օգտագործումը անուշադրութեան մատնեցին», ըսաւ Ճուլֆալակեան (այս մասին քովի սիւնակին մէջ. «Ա.»):

Միշտ չէ, որ արդարութիւնը կը յաղթէ: Գրեթէ երբեք ալ չի յաղթեր: Ինչպէս կ՛ըսեն` վիճակագրութիւնը այս մասին չի յիշեր, սակայն Արսէն, անշուշտ կը յիշէ: Հայ ըմբիշին համար տխուր արծաթը վստահօրէն ճամբան է 2016-ի ողիմպիական խաղերուն համար, ան տակաւին երիտասարդ է եւ առողջ, իսկ իրեն շնորհակալ ենք անձնուէր եւ դիտարժան պայքարին համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )