Չէ,՛ Հալէպը Կարելի Չէ Դատարկել
ՅՈՎԻԿ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
Սուրիոյ դէպքերը հարկաւ հետեւանք են քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական կուտակուած անարդարութիւններու` կրօնական ու համայնքային դրդուած անհանդուրժողականութեան կողքին: Հարկ չկայ մատնանշելու նաեւ, թէ Սուրիոյ մէջ ու անոր շուրջ, շրջանային եւ միջազգային մեծերը լծուած են իրենց հաշիւները մաքրելու աշխատանքին:
Դէպքերը որքա՞ն ժամանակ կրնան տեւել, ի՞նչ տեսքով պիտի աւարտին, հարցումներ են, որոնց պատասխանները այս գրութեան սահմաններէն դուրս ըլլալէ անդին, դիւրութեամբ կարելի չէ վճռել:
Սուրիական ճգնաժամին մէջ, մարդկային ու բարոյական մտահոգութիւններէն անկախ, ամէն հայ մարդու հիմնական մտավախութիւնը կը կեդրոնանայ, անշուշտ, հայութեան կացութեան ու ապագայ գոյութեան վրայ: Արդէն աւելի քան տարիէ մը ի վեր զարգացող այս դէպքերուն ընթացքին սուրիահայութեան ճակատագիրին հետ կապուած վերլուծութիւններն ու արտայայտութիւնները հասկնալի պատճառներով, մանաւանդ` հայ մամուլի էջերէն, եղան զուսպ ու սակաւաթիւ: Թէ՛ խուճապի մթնոլորտ չստեղծելու եւ թէ ալ հեռուները, խաղաղութեան մէջ նստած դասեր չտալու զոյգ խորհուրդները տակաւին ի զօրու կը մնան:
Այդուհանդերձ, սուրիահայութեան կեդրոնական դերն ու տեղը Հայ դատի ու հայապահպանման մարտին մէջ կը թելադրէ ամբողջութեամբ լուռ չմնալ: Առ այդ, հայցելով ռազմական գործողութիւններու թոհուբոհին մէջ գտնուող հայրենակիցներուն ներողամտութիւնը, Պուրճ Համուտի համեմատաբար խաղաղ պայմաններուն մէջ գտնուելով` կ՛արժէ կատարել հետեւեալ ընդգծումները (հարկ չկայ հաստատելու, որ ոչ ոք ունի իրաւունքը դատապարտելու ոեւէ հայ անհատի որոշումը` իր ու իր ընտանիքի ֆիզիքական ապահովութիւնը երաշխաւորելու կապակցութեամբ):
Հայ դատի բազմերանգ ճակատամարտերուն մէջ սուրիահայութիւնը միշտ ալ եղած է յառաջամարտիկ: Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան, հայ մշակոյթի ծաղկեցման, հայ գրականութեան զարգացման եւ հայեցի դաստիարակութեան առաքելութիւններուն մէջ, կարելի չէ վիճիլ այն մասին, թէ դանդաղօրէն տեղի տուող մեր դիրքերը շատոնց յանձնած պիտի ըլլայինք, եթէ չըլլար սուրիահայութիւնը եւ իր բերած անչափելի ներդրումը: Սփիւռքի բոլոր կանգառներուն մէջ սուրիահայութեան տուած հունձքն է, որ յաճախ ծաղկած ու ծաղկեցուցած է շրջապատը: Ժամանակն ու առիթները նաեւ փաստեցին, որ միջինարեւելեան այս քանի մը գաղութներուն ներուժն ու տաքութիւնը կարելի չէ կրկնօրինակել այլ տարածքներու վրայ եւ այլ միջավայրերու մէջ: Միջավայրեր, որոնց ստեղծման ու պահպանման մէջ կարեւոր դեր խաղացած են նաեւ տեղի իշխանութիւններուն քաղաքականութիւններն ու պահուածքը:
Աւելի՛ն. շրջանի քարտէսին վրայ նետուած արագ հայեացք մը իսկ բաւարար պէտք է ըլլայ կարդալու համար սուրիահայութեան ռազմավարական անմրցելի դիրքը հայ ժողովուրդի վախճանական նպատակներու իրականացման ճամբուն վրայ: Պէտք կա՞յ ցոյց տալու, թէ հայաբնակ Գամիշլին գրաւուած տարածքներէն ընդամէնը երեք քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ է: Հարկ կա՞յ յիշեցնելու, թէ հայաշատ Հալէպէն Սասուն կարելի է հասնիլ նուազ քան 10 ժամէն:
Իրաքահայութեան հասած մահացու հարուածէն ետք, սուրիահայութեան սպառնացող վտանգը անդառնալի անդրադարձներ պիտի ունենայ միջինարեւելեան հայկական գաղթօճախներու գոյութեան համար, եւ հետեւաբար, անկանխատեսելի հետեւանքներ` սփիւռքի կազմակերպ յարատեւութեան: Արդարեւ, կարելի՞ է երեւակայել սփիւռք կոչուած մարմինը` առանց իր սրտին ու թոքերուն, առանց շարունակ նոր ու մաքուր թթուածին հայթայթող գործարաններուն: Փաստ չէ՞ արդէն, թէ հայը որքան որ հեռանայ իր բնօրրանէն, այնքան կ՛արագանայ անոր ուծացումն ու վախճանը: Իսկ եթէ նոյնիսկ վայրկեանի մը համար ենթադրենք, թէ կարելի է ովկիանոսներէն անդին դարերով դիմադրել կլանող օտարացման հոսանքին, լսե՞ր էք երբեք հողերու ազատագրութեան օրինակ մը, ուր ազատագրողները կը գտնուին հողերէն հազարաւոր մղոններ հեռու: Հրաչ Տասնապետեանի բառերով` «ի վերջոյ եթէ Հայկական Բարձրաւանդակը օր մը պիտի վերաբնակեցուի հայերով, պարզ է, որ, գէթ սկզբնական շրջանին միջինարեւելեան երկիրներէն ներգաղթող կարաւաններն են, որ զայն պիտի լեցնեն»:
Հալէպէն ետք ոչ ոք կրնայ կանխագուշակել, թէ նահանջը ե՞րբ եւ ո՞ւր կրնայ կանգ առնել:
Գաղթավայրերը վերջ ի վերջոյ գաղթավայրեր են, այո՛: Եւ հայ ժողովուրդի տարագրութեան պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ դարերու ընթացքին գաղութներ շէնցած են, դարձած` կենսունակ, իսկ փոխարէնը` ուրիշներ մտած են պատմութեան թանգարանը: Սակայն նոյն պատմութիւնը ցոյց կու տայ նաեւ, թէ որքան որ հայ ժողովուրդը իր խարիսխը նետած է մայր հողէն, Հայկական Լեռնաշխարհէն հեռու, այնքան խաւարած է միացեալ Հայաստանի ու ամբողջական հայութեան արեւը:
Վերջապէս, երբ միջինարեւելեան հայութենէն «մասնիկ մը պակսի, հեռանայ, հոգեպէս թէ աշխարհագրականօրէն կտրուի իր բռնագրաւուած ու պարպուած հայրենիքին անմիջականօրէն շուրջը բոլորուած եւ աչքերն ու միտքը անոր յարած զանգուածէն, թուրք հայասպան դաւն է, որ կը շարունակուի, կը վերանորոգուի, նոր յաջողութիւն կ՛արձանագրէ»: Ահա՛, կրկին Տասնապետեանի բառերով, պարզ ու յստակ, սուրիահայութեան արժէքը` թշնամիին դէմ մղուող մեր շարունակուող պայքարին մէջ:
Հալէպը յառաջապահ խրամատ է հայկական յաջորդ ազատագրական պայքարի բազմերանգ ճակատներուն վրայ. Հալէպը ա՛ն է, ինչ որ էր Սալմաստը աւելի քան 100 տարի առաջ:
Հերիք է ձեր սուտերով առաջնորդէք ժողովուրդը: Ժամանակին հայրենադարձութեան սուտերով սննաեցիք, որ այն ծառայեցնէք եկեղեցւոյ նեղմիտ շահերու: Հիմա ալ Համայնք պահելու կարեւորութեան մասին կը խօսիք: Միջին Արեւելեան գաղութներու պահպանումը կը ծառայէ սոսկական արեւմտահայութիւն մը պահելու եւ ոչ հայմայն հայութեան շահերուն կ’անդրադառնայ: Ալ կը բաւէ սուտեր խօսիք: Այսօր Հայաստան կը վարէ արեւմտահայութիւնը պահելու քաղաքականութիւնը եւ Հալէպահայութենէն աւելի քիչ գնահատելի է չէ այդ մէկը:
Հայրենիքին խորհուրդ կուտամ խելքը չհասած բաներին չխառնուի