Ժահժահ Եւ Ժոմպլաթ Կը Մերժեն Ընտրական Նոր Օրէնքը

Սամիր Ժահժահ` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ յետմիջօրէին Մաարապի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ ինք կտրականապէս կը մերժէ կառավարութեան վաւերացուցած ընտրական օրէնքը, որուն մշակման ենթահողը կ՛ենթադրէ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը ջուրին երեսը ծփացնել եւ ոչ թէ խորհրդարանին մէջ քաղաքական մնացեալ ուժերուն ներկայացուցչութիւնը սրբագրել:

Ժահժահ ըսաւ, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը անյարմար է, իսկ կառավարութեան մշակած օրէնքը անբաւարար, որովհետեւ պահանջուածը փոքր ընտրաշրջաններու վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքն է:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ համամասնական դրութեան հիման վրայ մշակուած ընտրական օրէնքը մերժելի է` աւելցնելով, որ աւելի լաւ կ՛ըլլար, եթէ կառավարութիւնը աւելի հանդարտ կերպով քննարկէր այդ օրէնքը:

Ան աւելցուց, որ ինք խորհրդարանին մէջ ընտրական օրէնքը քննարկելու պահուն պիտի տայ իր կարծիքը:

Նշենք, որ ընտրական օրէնքին առնչութեամբ երեսփոխան Միշել Մըր իր կարծիքը պիտի յայտնէ յառաջիկայ երկուշաբթի օր, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, իսկ Պքերքէի յանձնախումբը այդ օրէնքը պիտի քննարկէ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )