Կառավարութեան Նիստին Ընթացքին «Լիբանանեան Պետութիւնը Կը Հետեւի Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Տունդարձի Ջանքերուն» Կը Շեշտէ Միքաթի
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի դրուատեց կառավարութեան վաւերացուցած ընտրական օրէնքը, որ հիմնուած էր համամասնական դրութեան վրայ, Լիբանանը կը բաժնէր 13 ընտրաշրջաններու եւ կ՛արտօնէր արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութիւնը` երեսփոխանական ընտրութիւններուն:
Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ ընտրական օրէնքը պիտի քննարկուի նաեւ խորհրդարանին մէջ` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ խորհրդարանէն բխած ընտրական որեւէ օրէնքի գործադրութեան:
Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը լուծելու առումով` ընդգծելով, որ կառավարութիւնը կը ջանայ մինչեւ Ֆիթրի տօնը առեւանգուած լիբանանցիները տուն վերադարձնել:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի տեղակալ, ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր նշեց, որ վարչապետ Միքաթի ցաւ յայտնած է կառավարութեան վաւերացուցած ընտրական օրէնքին գծով յայտարարուած կեցուածքներուն առնչութեամբ:
Ապու Ֆաուր աւելցուց նաեւ, որ կառավարութիւնը որոշած է առ հաշիւ գումար յատկացնել Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդին, որպէսզի ան կարենայ լուծել կարգ մը ապահովական միջադէպերուն պատճառած վնասները:
Պէտք է նշել, որ նախքան կառավարութեան նիստը, վարչապետ Միքաթի նախագահեց Պաալպեք – Հերմելի մէջ բարգաւաճում իրականացնելու համար կազմուած նախարարական յանձնախումբին առաջին նիստին:
Նիստէն ետք երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ Պեքաայի եւ Պաալպեք – Հերմել շրջաններուն բարգաւաճման նպատակով լուրջ քայլեր որդեգրուած են եւ անոնք շուտով գործադրուելիք առաջարկներ են:
Հաժ Հասան ըսաւ, որ իրեն վստահուած է այդ առաջարկները օրինագիծերու վերածելու պարտականութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ կառավարութեան ներկայացնել զանոնք:
Հաժ Հասան աւելցուց, որ յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ այն, որ ինք եւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել հանդիպին շրջանի բնակչութեան հետ` քննարկելու համար այդ առաջարկները:
Ամսական Աշխատավարձի Յաւելման
Նախարարական Յանձնախումբի Նիստ
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի նախագահեց նաեւ ամսական աշխատավարձի յաւելման նախարարական նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան աշխատավարձերու յաւելման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ բարեկարգումի օրինական պայմանները վերադասաւորելու կարելիութիւնները: