Ըստ Թուրքիոյ Փոխվարչապետին «1915-ը Նաեւ Թուրքերուն Ողբերգութիւնն Է»

Պիւլենթ Արընչ

«Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ Թուրքիոյ կրօնական փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշած է, որ «Աստուծոյ կամքով մենք առնուազն տասը տարի եւս իշխանութիւն պիտի ըլլանք»:

Դիմելով ներկաներուն` Արընչ ըսած է. «Թուրքիան խառնել փորձողներ, մեր բարեկամութեան վնաս հասցնել ուզողներ, համայնքներու միջեւ պառակտում մտցնողներ շատ պիտի ըլլան: Սակայն թէ՛ մենք, թէ՛ դուք պէտք է արթուն ըլլանք»: Ան նշած է, որ անցեալին տեղի ունեցած իրադարձութիւններու պատճառով համայնքներու բազմաթիւ անդամներ լքած են Թուրքիան, սակայն իրենք կը փափաքէին, որ բոլորը վերադառնան:

Դիմելով հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն` Արընչ անդրադարձած է նաեւ 1915-ի իրադարձութիւններուն: «Շատ դժուար օրեր եղած են: Օսմանեան կայսրութեան անկումը, տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնները` Տրապիզոնի մէջ, Մալաթիոյ մէջ… մինչեւ Պոլսոյ մէջ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը: Անոնք անցեալին տեղի ունեցած ողբերգութիւններ են, որոնց թիւը աստիճանաբար կը նուազի», ըսած է ան:

Արընչ յայտարարած է, թէ ոմանք կը փորձեն 1915-ի դէպքերը այլ կերպ ներկայացնել: «Սակայն իրականութիւնը այն է, որ անիկա նաեւ մեր ողբերգութիւնն է: Անոնց մէջ հայեր եւ թուրքեր կային», ըսած է Թուրքիոյ փոխվարչապետը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )