Ողիմպիականի 12-րդ Օրը. «Ա. Գալստեանի Յաղթանակը Շատ Կարեւոր Խորհրդանիշ Է» Կ՛ըսէ Նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած բանակցութիւններէն ետք յայտարարեց, որ անոնց համար, որ թանկ է հայ-ռուսական համագործակցութիւնը, Գալստեանի յաղթանակը շատ կարեւոր եւ սուղ խորհրդանիշ է:

Նախագահ Փութին շնորհաւորեց մարզիկները ողիմպիական խաղերուն ընթացքին մեծ յաջողութեան հասնելու առիթով, անկախ անոնց ցեղային պատկանելիութենէն: Ռուսիոյ նախագահը յայտնեց, որ որոշ մարզաձեւերուն մէջ իրենք աւելին կը սպասէին, իսկ այստեղ, ուր ակնկալիք չկար` յաջողութիւն արձանագրուեցաւ: «Մարմնակրթութիւնը կը մնայ մարմնակրթութիւն: Ամէն պարագայի, մենք կը հպարտանանք մեր մարզիկներով: Ողիմպիական խաղերը տակաւին չեն աւարտած: Տակաւին կանուխ է ամփոփել վերջնական արդիւնքները: Մենք կը վերլուծենք արդիւնքները աւելի ուշ եւ կը կատարենք համապատասխան եզրակացութիւններ: Ես կը շնորհաւորեմ անոնց, որոնք գերազանց արդիւնք ցոյց տուին: Ռուսիա կը շարունակէ աջակցիլ ողիմպիական շարժման ու ողիմպիական սկզբունքներուն», ընդգծեց նախագահ Փութին:

Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ Գալստեանի յաղթանակը անգամ մը եւս ապացուցեց, որ երկու երկիրները միասին աւելի զօրաւոր են: Ան աւելցուց, որ Հայաստանի ողիմպիական խումբին մէջ եւս կան Ռուսիա ծնած մարզիկներ: Նախագահ Սարգսեան Հայաստանի խումբին ելոյթը գնահատեց ոչ վատ եւ յաջողութիւն մաղթեց մնացեալ օրերուն համար:

Նշենք, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահները այցելած էին Լոնտոն եւ հետեւած էին շարք մը մրցումներու:

 

Մ. Ալոյեանի Մարզիչ. «Կիսաւարտականին  
Կը
Մօտենանք Առաւելագոյն Տրամադրուածութեամբ»

«Մենք լաւ ուսումնասիրած ենք կիսաւարտականին Միշա Ալոյեանի մրցակից Թ. Նիամպայարը», ըսաւ բռնցքամարտի ռուս մարզիչ Էտուարտ Քրացքով:

«Այժմ մոնկոլ բռնցքամարտիկը աւելի ուժեղացած է, բայց մենք գիտենք, որ ան ունի աւելորդ ծանրութեան հարց, որ կ՛ազդէ անոր արագութեան վրայ: Միաժամանակ, ան լաւ պատրաստուած է: Թեքնիքի եւ մարտավարութեան տեսանկիւնէն ան ոչ մէկ նոր մօտեցում ունի: Ան կը փորձէ յարձակունակ ըլլալ: Մենք մանրամասն ուսումնասիրած ենք, թէ ան ինչպէ՛ս մենամարտած է ողիմպիական խաղերու նախապատրաստական փուլին մէջ: Կը վերլուծենք մեր մրցակիցին մենամարտերը եւ կը ձգտինք մենամարտին մօտենալ առաւելագոյն տրամադրուածութեամբ եւ կեդրոնացումով», ըսաւ Է. Քրացքով:

 

 

 

 

 

Յիշեցնենք, որ աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ 10 օգոստոսին:

ՄԵՏԱԼՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԿԵՐԸ` ԵՐԷԿ ԳԻՇԵՐՈՒԱՆ ԴՐՈՒԹԵԱՄԲ

ՈՍԿԻ ԱՐԾԱԹ ՊՐՈՆԶ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ
1.- Չինաստան 35 22 19 76
2.- Միացեալ Նահանգներ 30 19 23 72
3.- Մեծն Բրիտանիա 22 13 13 48
4.- Հարաւային Քորէա 12 6 6 24
5.- Ռուսիա 10 18 21 49
…………………… .. .. .. ..
48.- Հայաստան 0 1 2 3
…………………… .. .. .. ..
66.- Թուրքիա 0 0 1 1

 

Share this Article
CATEGORIES