Իրան Անակնկալ Որոշումով Մը Չեղեալ Կը Յայտարարէ Թուրքիոյ Հետ Առանց Այցեգիրի Մուտքի Դրութիւնը
Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստեղծուած վերջին լարուածութիւններէն ետք, իրանական իշխանութիւնները անակնկալ որոշումով մը ժամանակաւորապէս չեղեալ կը յայտարարեն Թուրքիոյ հետ առանց այցեգիրի մուտքի դրութիւնը:
Թրքական լրատուամիջոցներուն համաձայն, իրանական կողմը մինչեւ սեպտեմբերի սկիզբ սառեցուցած է սոյն դրութիւնը` պատճառաբանելով Թեհրանի մէջ տեղի ունեցող Սուրիոյ վերաբերող խորհրդակցական հանդիպումը:
Իրանի տուած այս որոշումին իբրեւ հետեւանք, Թուրքիա – Իրան սահմանին վրայ ստեղծուեցաւ իրարանցում:
Նշենք, որ իրանցի բարձրաստիճան զինուորականներ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող վայրագութիւններուն պատասխանատու յայտարարած էին Թուրքիան, մինչ Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետը ըսած էր, թէ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող բախումները պիտի ընդլայնին դէպի Թուրքիա:
CATEGORIES Միջազգային


