Իրան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Սուրիոյ Վարչակարգին Եւ Ընդդիմութեան Միջեւ Միջնորդի Դեր Ստանձնելու
«Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի մէջ լոյս տեսած իր յօդուածով Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի յայտնեց, որ Իրան պատրաստ է խաղալու միջնորդի դեր` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կառավարութեան եւ սուրիական ընդդիմութեան միջեւ:
Սալեհի ըսաւ, թէ իր երկիրը պատրաստակամութիւն յայտնած է կայացնելու միջազգային խորհրդաժողով մը` լուծելու համար Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զինեալ տագնապը, եւ թէ Թեհրան կառչած կը մնայ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ բանագնաց Քոֆի Անանի ծրագիրին, թէեւ վերջինս հրաժարած էր իր պաշտօնէն բանակցութիւններու ձախողութենէն ետք:
Սալեհի, լուծելու համար Սուրիոյ հարցը, կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին դիմելու երեք հիմնական քայլերու, որոնք են զինադադարի ապահովումը, մարդասիրական օգնութիւններու առաքումը եւ երկխօսութեան առիթի ստեղծումը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ Իրան կը զօրակցի Սուրիոյ մէջ քաղաքական բարեկարգումներ կատարելու անհրաժեշտութեան, բան մը, որ պիտի դիւրացնէ Սուրիոյ ժողովուրդին ազգային ինքնորոշումը եւ ապահովէ անոր իրաւունքը` ապագային մասնակցելու միջազգային հովանաւորութեամբ կատարուելիք նախագահական ազատ ընտրութիւններու:
Ան դիտել տուաւ, որ Իրան նախորդ տասը տարիներուն ընթացքին միշտ ալ իր ներդրումը ունեցած է թէ՛ Աֆղանիստանի, թէ՛ Իրաքի եւ թէ՛ իսլամական այլ երկիրներու մէջ կայունութեան ապահովման: