Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Վրէժ Սապունճեան շեշտեց, որ դէպի Սուրիա արտածումները 29 առ հարիւրի համեմատութեամբ բարձրացած են:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի յայտնեց, որ Իրան Հըզպալլան կը գործածէ իբրեւ գործիք` Լիբանանը Միջերկրականի իր գաղութին վերածելու նպատակով:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամեր Սաատէ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Սուրիոյ վերաբերեալ Արաբական լիկային տուած որոշումները մնացին թուղթերու վրայ գրուած արձանագրութիւններ եւ երբեք գործի չվերածուեցան:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը` ընկերակցութեամբ գործատէր Ռըզք Ռըզքի եւ Ժիպէյլի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Ֆատի Մարթինոսի, ջնջեց Ֆաքրայի մէջ հողաշերտ մը վաճառելու համաձայնութիւնը, որ հսկայ աղմուկ բարձրացուցած էր երկրին մէջ:
ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ պետական աղբիւրներ շեշտեցին, որ Լիբանանի կառավարութեան համար պատուաբեր արարք մը չէր նկատուեր 14 սուրիացի քաղաքացիներուն արտայանձնումը սուրիական իշխանութիւններուն:
ԸՍՏ «Նահար» օրաթերթին, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը` ընկերակցութեամբ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի, կը ջանան մշակել ընտրական նոր օրէնք մը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը` նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տարածուած Դիմադրութեան զէնքի ուժը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ յառաջիկայ հանգրուանին կարելի է վերահաստատել խորհրդարանի նախկին մեծամասնութիւնը` ապահովելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի դաշինքին վերահաստատումը:
ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը կը միտի Պէյրութի փոխանցել, թէ Փարիզ մտահոգ է Սուրիոյ իրադարձութիւններուն դէպի Լիբանան ընդլայնումին հաւանականութենէն:
ԿԸ նախատեսուի, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ այցելէ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին` անոր հետ քննարկելու համար ընտրական օրէնքին վերաբերող մանրամասնութիւնները:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Մեքքէի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին մասնակցութեան կողքին սէուտցի պետական եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներ պիտի չունենայ:

