Խմբագիրներու Սենտիքային Հետ Հանդիպումին Ընթացքին` «Սմահա Ձերբակալուած Է Ապահովական Ենթահող Ունեցող Դրդապատճառներով» Կ՛ըսէ Վարչապետ Միքաթի

Միքաթի` խմբագիրներու սենտիքայի պատուիրակութեան հետ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց խմբագիրներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունի:

Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Աուն յայտնեց, որ վարչապետին կատարած իրենց այցելութիւնը կ՛իյնայ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն կատարուած այցելութիւններուն շրջագիծին մէջ` աւելցնելով, որ վարչապետին հետ քննարկած են երկրին եւ շրջանին իրադարձութիւնները:

Աուն նկատել տուաւ, որ վարչապետ Միքաթի հաստատած է, որ իրենք յանձնառու կը մնան սահմանադրութեան եւ անոր գործադրութեան:

Անդրադառնալով նախկին նախարար եւ երեսփոխան Միշել Սմահայի ձերբակալութեան` վարչապետ Միքաթի ընդգծած է, որ ան ձերբակալուած է դատական իշխանութիւններուն կողմէ տրուած հրահանգով` նշելով միաժամանակ, որ Սմահա ձերբակալուած է ապահովական ենթահող ունեցող դրդապատճառներով:

Աուն նշեց, որ վարչապետ Միքաթի դատական իշխանութիւններէն ամբողջական տեղեկագիրով մը պիտի տեղեկանայ Սմահայի հարցաքննութեան մանրամասնութիւններուն մասին:

Աուն ըսաւ նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը քաղաքական խորք ստացած է եւ ուղղուած կառավարութեան դէմ:

«Ընտրական օրէնքին մասին վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ համամասնական դրութեան հիման վրայ մշակուած ընտրական օրէնքը ոչ մէկ քաղաքական կողմ կը ջնջէ, այլ` կ՛ապահովէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն ներկայացուցչութիւնը: Վարչապետը հաստատեց, որ ընտրութիւնները պիտի կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին», ըսաւ Աուն:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթիի այցելուներէն եղան նաեւ «Միտըլ Իսթ» ընկերութեան տնօրէն Մոհամետ Հութ եւ պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժորժ Քարաա:

Աշխատավարձի Յաւելման Յատուկ
Նախարարական
Նիստ

Միւս կողմէ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին նախագահեց աշխատավարձի յաւելման յատուկ նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն աւարտին աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ նախարարական յանձնախումբի նիստին ընթացքին կարելի եղած է գոյացնել օրինագիծ մը, որ կը վերաբերի պետական պաշտօնեաներուն, Լիբանանի համալսարանի, քաղաքապետարաններու եւ այլ պետական աշխատանքներ տանող պաշտօնեաներուն նուազագոյն աշխատավարձի յաւելումին:

Ժրայսաթի հաստատեց, որ վարչապետ Միքաթի այդ օրինագիծը իր ամբողջական ձեւին մէջ պիտի ներկայացնէ յառաջիկայ 16 օգոստոսին կառավարութեան գումարելիք նիստին ընթացքին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )