Միշել Սըմահա Կը Ձերբակալուի Ապահովական Բնոյթի Ամբաստանութիւններով. Ռաատ. «Լուռ Պիտի Չմնանք Պատահարին Գծով»
Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը երէկ առաւօտեան ժամը 8:30-ին ներխուժեց նախկին նախարար Միշել Սըմահայի ամարանոցը եւ ձերբակալեց զայն:
Սըմահայի բնակարանը, որ կը գտնուի Խընշարայի մօտակայ Ժուար շրջանին մէջ, ժամեր շարունակ դարձաւ տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ոստիկաններու խուզարկումի կեդրոնը:
Երկար խուզարկումէն ետք ոստիկանները մեկնեցան եւ նախկին նախարարին բնակարանը լեցուեցաւ ծանօթներով ու բարեկամներով, որոնք ապշահար ուղղուեցան Ժուար` իմանալու համար Սըմահայի ձերբակալման մանրամասնութիւնները:
Բայց եւ այնպէս այդ մանրամասնութիւններուն մասին պաշտօնական ոչ մէկ տեղեկութիւն փոխանցուեցաւ, բացի անկէ, որ Սըմահա ձերբակալուած է դատական իշխանութիւններուն կողմէ արձակուած լիազօրագիրով մը եւ անոր դէմ կային կասկածներ, որոնք հիմնուած էին ապահովական դրդապատճառներու հիման վրայ:
Այս շրջագիծին մէջ նշուեցաւ, որ Սըմահա դատապարտուած է Խալետ Տահերի դէմ մահափորձ կազմակերպելու յանցանքով, աւելի ուշ Տահերը վերածուեցաւ Մույին Մերեհպիի եւ ապա հարցը հասաւ հիւսիսային Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ պայթումներ ծրագրելու յանցանքին:
Անպաշտօն այլ տեղեկութիւններու համաձայն, Սըմահա 170 հազար տոլարի գումար մը առաջարկած է ահաբեկչական խմբակներու, որպէսզի հիւսիսային Լիբանանի մէջ պայթումներ կատարեն եւ հիմնականին մէջ քրիստոնէական շրջաններ թիրախ դարձնեն` զանոնք զգուշացնելու համար սիւննիական եւ սալաֆական վտանգէն:
Նոյն տեղեկութիւններուն համաձայն, այդ ահաբեկիչները պատասխանատու են նաեւ Քըպէյյաթի եկեղեցւոյ մէջ ցրուած թռուցիկներուն, ինչպէս նաեւ կը պատրաստէին մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին դէմ գործուելիք ապահովական գործողութիւն մը, երբ ան այցելէր հիւսիսային Լիբանան:
Սըմահայի հարցաքննութիւնը տեղի ունեցաւ ներքին ապահովութեան ուժերուն ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոնին մէջ, ուր ներկայացաւ նաեւ ընդհանուր դատախազի պաշտօնակատար Սամիր Համմուտ, որ հսկեց հարցաքննութեան ընթացքին, իսկ արդարութեան նախարար Շեքիպ Քըրթպաուի խստիւ դատապարտեց Սըմահան ձերբակալելու ոճը եւ պահանջեց այդ մասին հետաքննութիւն բանալ:
Դատախազ Համմուտ հանդիպում մը ունեցաւ Սըմահայի հետ եւ հարցուց անոր առողջական վիճակին մասին:
Միւս կողմէ, առաւօտեան ժամը 8:30-էն սկսեալ տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ոստիկաններ ուղղուեցան նաեւ Սըմահայի Էշրեֆիէի բնակարանը, ուր կը գտնուէին Սըմահայի երեք դուստրերը, որոնց աւելի ուշ միացաւ նաեւ Սըմահայի փաստաբանը:
Ապահովական ուժերը մանրազնին խուզարկութիւն կատարեցին Սըմահայի բնակարանին մէջ եւ գրաւեցին մեծ թիւով փաստաթուղթեր:
Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժամիլ Սէյիտ այցելեց Սըմահայի Էշրեֆիէի բնակարանը. ան խստիւ դատապարտեց Սըմահան ձերբակալելու ոճը` շեշտելով, որ Սըմահայի հետ վարուելակերպը իրեն կը յիշեցնէ 2005-ին երկրին ապահովական կառոյցներու չորս պետերուն ձերբակալման ոճը:
Զօր. Սէյիտ հաստատեց, որ տեղեկահաւաքի բաժանմունքի պետ Ուիսամ Հասան քաղաքական կողմ կը նկատուի, եւ նախկին նախարարի մը ձերբակալումը պէտք է վստահուի միայն բանակի գաղտնի սպասարկութեան:
Նշենք, որ տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ոստիկանները Սըմահայի զոյգ բնակարաններէն գրաւեցին փաստաթուղթեր եւ վիտէոներ, որոնք կարեւոր նկատուեցան:
Ոստիկանները գրաւեցին նաեւ Միշել Սըմահայի եւ անոր վարորդին ինքնաշարժները, ինչպէս նաեւ ուղղուեցաւ Սըմահայի Սոտեքոյի գրասենեակը եւ հոնկէ գրաւեցին այլ փաստաթուղթեր, ձերբակալեցին անոր քարտուղարուհին` Կլատիս Աուատան, անձնական վարորդը` Ֆարես Պարաքաթը եւ թիկնապահը` Ալի Մալլահը, որոնք երեկոյեան ազատ արձակուեցան:
Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ Սըմահայի ձերբակալումը իրեն յիշեցուցած է անմեղ քաղաքացիներն ու ապահովական կառոյցի չորս ղեկավարները ձերբակալելու օրը: Ան պահանջեց, որ իւրաքանչիւր ձերբակալում ըլլայ օրինական, որպէսզի քաղաքական նպատակներով չկատարուի այդ մէկը` աւելցնելով, որ ապահովական ուժերուն կողմէ Սըմահան ձերբակալելու ձեւը օրէնքի եւ կարգ ու կանոնի շրջանցում է` նախնական հետաքննութեան շրջագիծին իմաստով:
Նախկին նախարարին կինը` Կլատիս Սըմահա, անդրադառնալով Ժուարի տունէն
ռումբեր գրաւելու մասին լուրին, յայտնեց, որ միակ զէնքը, որ գտած են իր պահարանին մէջ հինէն մնացած «Քալաշնիքով» տիպի գնդացիր մըն է, որ տասնեակ տարիներէ ի վեր չէ գործածուած:
Ան յայտնեց, որ իրենք դատական իշխանութիւններուն ճամբով պիտի փորձեն լուծել այս հարցը` աւելցնելով, որ տակաւին իրենք չեն գիտեր, թէ Միշել Սըմահա ինչո՛ւ ձերբակալուած է:
«Մեզի պէտք է պատճառը ըսեն, իսկ մենք անոր ձերբակալումը կը նկատենք քաղաքական պատճառներով կատարուած ձերբակալում, որովհետեւ ան կը ներկայացնէ քաղաքական որոշ ուղեգիծ մը», ըսաւ Կլատիս Սըմահա` աւելցնելով, որ իրենք օր մը օրանց ճամբաները չեն փակած:
Ան շեշտեց, որ Միշել Սըմահայի բոլոր թղթածրարներն ու փաստաթուղթերը անոր ուղեղին մէջ են, եւ կոչ ուղղեց Սըմահայի քաղաքական ուղեգիծին մաս կազմող քաղաքական կողմերուն միջամտելու եւ օժանդակելու:
Միւս կողմէ, նախկին նախարար Պշարա Մըրհեժ խստիւ քննադատեց ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ յատկապէս տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ուժերուն վարուելակերպը` Սըմահայի ձերբակալութեան առումով:
Մըրհեժ ըսաւ, որ ապահովութեան ուժերուն վարուելակերպը ո՛չ ներքին ապահովութեան ուժերուն վայել է եւ ո՛չ ալ լիբանանեան օրէնքներուն: «Մանաւանդ նկատի ունենալով, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնը յանձնառու է լիբանանեան տան արժանապատուութեան: Անընդունելի է ապօրինի կերպով եւ դիմակաւոր զինուորականներով նախկին նախարարի մը տունը ներխուժելու քայլը», շեշտեց Մըրհեժ:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ իր կարգին ռամատանի առիթով սարքուած իֆթարի մը ընթացքին խօսք առնելով անդրադարձաւ նախկին նախարար Սըմահայի ձերբակալութեան եւ ըսաւ. «Այսօր տեղի ունեցածին գծով լուռ պիտի չմնանք, քիչ մը պիտի համբերենք: Դատական իշխանութեան որոշ ներկայացուցիչներ կապուած են ապահովական կասկածելի կառոյցներու, եւ մենք նախապէս այս մեքենայութիւնները փորձարկած ենք:
Պէտք է նշել սակայն, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն ղեկավարները հեռու մնացին Սըմահայի ընտանիքէն եւ չփութացին անոր բնակարանը` սպասելով դատական իշխանութիւններուն յստակացումին: