Նախարար Օհանեան Այցելեց Հիւսիսարեւելեան Սահմանագօտի

Օհանեան կը ստուգէ զինուորական դիրքերը

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 7 օգոստոսին այցելեց  հիւսիսարեւելեան սահմանագօտի եւ հոն ծանօթացաւ իրականացուած շինարարական ու կառուցապատման լայնածաւալ աշխատանքներուն:

Այցելութեան շրջագիծին մէջ Օհանեան մեկնեցաւ սահմանագիծին վրայ տեղակայուած մարտական յենակէտեր, ստուգեց պաշտպանական եւ ճարտարապետական կառոյցներու յուսալիութիւնը: Նախարարը զրուցեց դիրքապահ զինուորներուն հետ, ծանօթացաւ անոնց պատրաստութեան եւ բարոյահոգեբանական վիճակին: Ան ընդգծեց, որ սահմանային հատուածին մէջ կառուցուած են օրինակելի պաշտպանական, ամրաշինական կառոյցներ եւ յենակէտեր:

Պաշտպանութեան նախարարը այցելեց հիւսիսարեւելեան սահմանները պաշտպանող զօրամասը, ինչպէս նաեւ հրաձգարան, ուր նոյնպէս կ՛ընթանան կառուցապատման եւ շինարարական աշխատանքներ:

Նախարար Օհանեան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ սահմանամերձ Չինարի եւ Արծուաբերդ գիւղերու բնակիչներուն հետ, լսեց զանոնք յուզող եւ մտահոգող հարցերը: Հանդիպման աւարտին Չինարիի դպրոցականները նախարարին յանձնեցին իրենց կողմէ գրուած շնորհակալագիրներն ու բարեմաղթանքները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )