ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի անձնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Ռիատ: «Նահար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Հարիրի շեշտեց, որ ինք պատրաստ չէ պաշտպանելու Դիմադրութիւնը, որ վերածուած է լիբանանցիներուն դէմ բարձրացուած զէնքի:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ղեկավարներէն նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ վաղը պիտի այցելեն Ռիատ»:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի ուրբաթ օրուան քարոզին մէջ շեշտեց, որ անընդունելի է պետութեան կողմէ Լիբանանի մէջ արդարութիւնն ու կայունութիւնը չապահովել:

ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ Նասրալլա Սֆէյր հրաժարեալ պատրիարքը շեշտեց, որ նորընտիր պատրիարքը պիտի ըլլայ այնպէս, ինչպէս է ինք, եւ տէր պիտի կանգնի իր ստանձնած առաքելութեան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուաժիհ Պաարինի կոչ ուղղեց Աքքարի ընտանիքներուն չմասնակցելու Մարտ 14-ին Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք ժողովրդային հաւաքին:

ԹԱՏԱՄՈՆ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը փորձեն լիբանանեան հանրային կարծիքը համոզել, թէ Դիմադրութեան զէնքը մեծագոյն փորձանքն է Լիբանանի համար:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ Տանիէլ Պելմարի պահանջները կը հակադրուին Լիբանանի եւ այդ ատեանին միջեւ ստորագրուած գործակցութեան համաձայնագիրին:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ անվտանգութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն զօր. Ուաֆիք Ժեզզինի երէկ մահացաւ Գերմանիոյ հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան երէկ Խալտէի իր բնակարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որ 14 մարտը վերածէ այնպիսի առիթի մը, որուն ընթացքին կարելի կ՛ըլլայ սիոնական տարրերը հեռացնել Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանէն:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS