«Պատահական Ռումբի Բեկորի Մը Պատճառով Նիւթական Թեթեւ Վնասներ` Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ժիրայր Ռէյիսեան
Երէկ գիշեր «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ` տեղեկանալու համար Հալէպի մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններուն մասին:
Ժիրայր Ռէյիսեան մասնաւորապէս տեղեկացուց, որ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին պատահական ռումբի կտոր մը հարուածած է Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի շէնքը եւ պատճառած է նիւթական թեթեւ վնասներ, ինչպէս նաեւ` ապակիներու փշրուիլ: Արտաաշխատանքային ժամեր ըլլալուն շնորհիւ ոչ մէկ մարդկային վնաս հասած է:
CATEGORIES Գաղութային

