Եռամսեայ Ապարդիւն Ճիգերէն Յուսահատ Սուրիոյ Մէջ Առեւանգեալ Լիբանանցիներու Ծնողները Պահանջեցին Յանձնախումբ Կազմել

Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարի պատասխանատու շէյխ Ապպաս Զղէյպ երէկ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն պահանջեց իրաւական յանձնախումբ մը կազմել` հետապնդելու համար Սուրիոյ Ազազ շրջանին մէջ առեւանգեալ 11 լիբանանցիներու ազատ արձակման ճիգերը:  Իրենց տարած եռամսեայ ապարդիւն ճիգերէն յուսահատ` լիբանանցի առեւանգեալներու ծնողները` գլխաւորութեամբ շէյխ Ապպաս Զղէյպի, երէկ կէսօրէ առաջ բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին Քաթարի դեսպանատան առջեւ` Այն Թինէի մէջ: Զղէյպ զգուշացուց Քաթարը` պահանջելով փութալ փրկարար միջոցառումներու, որովհետեւ «խաղը քողազերծուած է եւ հարցերու ներկայ ընթացքը կրնայ յանգիլ վտանգաւոր զարգացումներու»: Ցուցարարները նաեւ սպառնացին ցոյցեր կազմակերպել ամերիկեան եւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատուներուն առջեւ:

Նշենք, որ առեւանգեալներէն մէկուն կինը երեսփոխան Օքապ Սաքըրը ամբաստանեց 50 միլիոն տոլար իւրացնելու յանցանքով: Այդ գումարը պէտք էր փոխանցուէր առեւանգիչ կողմին: «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին կատարած իր յայտարարութեամբ, առեւանգեալին կինը այս գծով լուսաբանութիւն պահանջեց Քաթարէն եւ Սէուտական Արաբիայէն: Ան «խեղկատակութիւն» որակեց առեւանգումը կատարած խմբաւորումի պատասխանատու Ապու Իպրահիմի յաճախակի ելոյթները մամուլով եւ պատկերասփիւռի կայաններէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )