Նախարար Նալբանդեան Այցելեց Նոր Զելանտա

Միւրէյ Մըքքալի եւ նախարար Նալբանդեան

Նախանցեալ օր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Նոր Զելանտա:

Օդակայանէն Էդուարդ Նալբանդեան ուղղուեցաւ Նոր Զելանտայի արտաքին գործոց նախարար Միւրէյ Մըքքալիի հետ հանդիպման:

Ողջունելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը` Միւրէյ Մըքքալի մեծ քայլ նկատեց նախարար Նալբանդեանի Նոր Զելանտա այցելութիւնը, որ կը վկայէ Հայաստանի պատրաստակամութիւնը Նոր Զելանտայի հետ համագործակցութեան նոր որակ հաղորդելու առնչութեամբ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութեան հրաւէրին համար` նախարար Նալբանդեան նշեց, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակի յոբելենական տարուան մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին առաջին այցելութիւնը Նոր Զելանտա միտուած է նոր որակ հաղորդելու տարբեր մարզերուն մէջ երկկողմանի համագործակցութեան:

Երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը խթանելու նպատակով` բանակցութիւններու ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ համատեղութեան կարգով փոխադարձաբար դեսպաններ հաւատարմագրելու, միջազգային կազմակերպութիւններու շրջագիծին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը զարգացնելու ու խորհրդակցութիւններ կատարելու, մէկզմէկու թեկնածութիւններուն աջակցելու վերաբերեալ:

Փոխադարձ գործակցութեան տնտեսական բաղադրիչի քննարկումներուն ժամանակ, իբրեւ համագործակցութեան կարելի մարզեր, առանձնացուեցան վերականգնուող բարձր արհեստագիտութիւնը, ուժանիւթը եւ գիւղատնտեսութիւնը:

Նախարարներ Նալբանդեան եւ Մըքքալի հանգամանալից զրոյց ունեցան միջազգային օրակարգի ներկայ խնդիրներուն` Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, պաղեստինեան հիմնախնդիրին եւ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ:

Նախարար Նալբանդեան իր նոր զելանտացի գործընկերոջ ներկայացուց կովկասեան շրջանին մէջ անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ Հայաստանի կողմէ վարուող քաղաքականութիւնը: Այս շրջագիծին մէջ կարեւոր նկատուեցաւ Նոր Զելանտայի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը արցախեան հիմնախնդիրին վերաբերեալ:

Նոր Զելանտայի արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուց ասիական-խաղաղովկիանոսեան շրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները եւ անոնց վերաբերեալ իր երկրին մօտեցումները:

Երկխօսութիւնը շարունակելու եւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրագործման ընթացքին շարունակականութիւնը ապահովելու նպատակով` Էդուարդ Նալբանդեան Միւրէյ Մըքքալին հրաւիրեց Երեւան:

Նախարար Նալբանդեան այցելեց նաեւ Օքլենտի`  Համաշխարհային Բ. պատերազմի թանգարան եւ ծաղկեպսակ զետեղեց պատերազմին ընթացքին զոհուածներու յուշակոթողին:

10 օգոստոսին Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ Նոր Զելանտայի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Լոքվուտ Սմիթի հետ:

Հանդիպման օրակարգին վրայ կը գտնուէին երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ կապերու հաստատումը եւ միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբերու ձեւաւորումը:

Լոքվուտ Սմիթ ներկայացուց Նոր Զելանտայի մէջ տնտեսական աճը ապահոված բարեփոխումներու նախապատմութիւնը եւ իրականացման ընթացքը:

Նոյն օրը Էդուարդ Նալբանդեան այցելեց Նոր Զելանտայի Գերագոյն դատարան, ուր հանդիպում ունեցաւ դատարանի նախագահ հայազգի Տամ Շիան Էլիասի հետ:

Ջերմ եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ անցած հանդիպման ժամանակ մտքեր փոխանակուեցան Հայաստանի եւ Նոր Զելանտայի միջեւ համագործակցութեան զարգացման եւ այդ գործին մէջ հայ համայնքի դերակատարութեան վերաբերեալ:

Էդուարդ Նալբանդեանի այցելութեան օրակարգին վրայ ներառուած էր նաեւ  Օքլենտի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում մը, որուն ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը, Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման ուղղուած քայլերը, Նոր Զելանտա այցելութեան նպատակները եւ արդիւնքները: Հայ համայնքին հետ քննարկուեցաւ նաեւ Հայաստան-Նոր Զելանտա բարեկամական միութիւն ստեղծելու կարելիութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Hasmig 11 years

    Thank you Aztag to keep us updates with Armenian news, as a newzealand Armenian I am very disappointed not to hear about this visits from the Armenian community in Auckland .

  • Disqus ( )