50 Տարի Առաջ ( 13 Օգոստոս 1962 )

Հայ Կեանք

Օգնութեան Խաչը` Պաշտօնապէս
Ճանչցուած` Ատրպատականի Մէջ

Հայ օգնութեան խաչի Ատրպատականի (Իրան) վարչութիւնը, Թաւրիզի մէջ, 10 օգոստոս թուականով հետեւեալ պաշտօնական յայտարարութիւնը յանձնած է մամուլին:

Ուրախ ենք յայտնելու մեր սիրելի հայրենակիցներին, որ համայն  Իրանի կայսերական կառավարութեան պաշտօնաթերթին եւ ինչպէս նաեւ Թաւրիզի «Փէյամ Ազարպայիջան» թերթին մէջ տրուած յայտատարութեանց, ՀՕՄ-ի Ատրպատականի մասնաճիւղը Արեւելեան Ատրպատականի նահանգային ոստիկանութեան համար 700 արտօնագիրով եւ նոյն նահանգի  կալուածների եւ վաւերականութեան «Սարթ»-ի համար 8512-28. 4.41 թուակիր վկայագրով դասւում է երկրի պաշտօնական թոյլատուութիւն ունեցող բարեգործական միութիւնների շարքում եւ որպէս իրաւական մարմնին` կարող է իր անունով արձանագրել տալ ՀՕՄ-ին պատկանող բոլոր կալուածները եւ այլ ունեցուածքը եւ այսպիսով ազատել իր կալուածները անորոշ եւ պատահականութեան ենթակայ դրութիւնից: Այսպիսով, ՀՕՄ-ի Ատրպատականի հայ առաջին հաստատութիւնը, որը իրաւական մարմնի հանգամանք ունի:

Հալէպի Ճեմարանին Փայլուն Յաջողութիւնը
Պրըվէի
Քննութեան Մէջ

Հալէպի մեր պաշտօնակից «Արեւելք»-ի մէջ (6 օգոստոս) կը կարդանք.

Երէկ երեկոյեան հրատարակուեցան միջնակարգ ուսման (պրըվէ) պետական քննութեանց արդիւնքները:

Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանի կողմէ քննութեանց ներկայացած էին 59 աղջիկներ եւ մանչեր, որոնց 47-ը յաջողած են. եւ մեծամասնութեամբ 270-ի վրայ 200-է աւելի նիշ կրցած են հաւաքել: Յաջողութեան համեմատութիւնը 80 առ հարիւր եղած է Ճեմարանի համար:

Օրիորդներ.- Արաքսի Մարտիրոս (Հացագործեան), Այտա Ազարիկեան, Անայիս Սիմոն (Սիմոնեան), Անժէլ Սիսեռեան, Այտա Աւագեան, Բրաբիոն (Գլատիս) Դաւիթեան, Զապէլ Բրուտեան, Զուարթ Յակոբեան, Սալբի Արսլանեան, Շաքէ Պէրպէրեան, Սալբի Տէր Յակոբեան, Սոնա Մելինէ Մանուկեան, Գեղանի Էթիեմէզեան, Մարի Տուզճեան, Հելէն Մահսերէճեան, Վերժին Գանտիլեան, Վարդուհի Քելեշ (Վարսենիկ Քելէշեան), Արփի Օղիկեան, Անահիտ Գուլեան, Անի Քիւփէլեան, Էօժենի Թօսունեան, Պերճուհի Ֆրունճեան, Ռոզին Տօնապետեան, Արտեմիս Քէօշկէրեան, Սիրուհի (Սոնիկ) Սիսեռեան, Շաքէ Աբրահամեան, Շուշան Նալպանտեան, Սօսէ Մարութեան, Այտա (Մայտա) Չոլագեան, Մարի Թորոսեան, Մանուշակ Հինտոյեան, Վերժին Տէյիրմէնճեան, Վերժին (Էօժենի) Աւագեան, Վարսենիկ Թոփճեան:

Պարոններ.- Արամազդ (Արա) Գասպարեան, Յակոբ Խըմօ (Մարտիրոսեան), Տիգրան Մերճանեան, Թորոս Եփրեմեան, Լեւոն Տէր Յովհաննէսեան, Յարութիւն Տէր Յակոբեան, Վահէ Գաբրիէլեան, Ազատ Գաթարոյեան, Աւետիս Զարիկեան, Չոհրապ Մարաշլեան, Վրէժ Եագուպ Յակոբեան, Մանուկ Գայնագեան, Երուանդ Երանոս Պետիկեան:

Պոլսոյ Դպրեվանքը 18 Շրջանաւարտներ
Տուած
Է 1961-1962 Տարեշրջանին

Պոլսոյ Ս. Խաչ դպրեվանքը 1961-1962 տարեշրջանին ունեցած է 18 շրջանաւարտներ, 7 հատը` Տիգրանակերտէն,  երկուքը` Կեսարիայէն, Մէկը` Գասթամունէն, մէկը` Սեբաստիայէն, մէկը` Մուշէն, մէկը` Թոքաթէն, մէկը` Չիլիէն, մէկը` Արաբկիրէն, մնացածները` Պոլսոյ շրջանէն:

Շրջանաւարտ սաները, գլխաւորութեամբ իրենց տեսուչին, գացած են Շիշլիի Հայոց գերեզմանատունը, որդիական երախտագիտութիւն եւ յարգանք ընծայելու դպրեվանքի հիմնադիր հոգելոյս Գարեգին պատրիարքին: Յետոյ անոնք հաւաքուած են նաեւ Օրմանեան սրբազանին շիրիմին շուրջ եւ կատարած են հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք տեսուչ Շահան ծ. վրդ. Սվաճեան խօսած է մեծ պատրիարքի բազմաբեղուն կեանքի մասին:

Հայաստան

Կոմիտասի Երգը
Ճափոնի
Մէջ

Թոքիոյէն սկսեալ Ճափոնի մեծագոյն քաղաքներուն մէջ համերգային շրջապտոյտ մը կատարած է վերջերս Երեւանի «Կոմիտաս» քառեակը: Վարդապետին երաժշտութիւնը ամէն անգամ արժանացած է հազարաւոր ունկնդիրներու հիացումին եւ գնահատումին:

Եղիշէ Չարենց Չեխերէն

Չեխոսլովաքիոյ Գեղարուեստական գրականութեան հարատարակչութիւնը, չեխ գրագիտուհի Լիուդմիլա Մոտալովանի թարգմանութեամբ, հրատարակած է Եղիշէ Չարենցի երկերու ժողովածոյ մը: Հատորին մէջ կան շարք մը քնարական բանաստեղծութիւններ, «Էպիկական լուսաբաց», «Գիրք ճանապարհի», «Ամենապոէմ» եւ այլ գործեր:

Ճաշակով եւ խնամքով պատրաստուած այդ հատորին ներածականին մէջ կան ընդարձակ տեղեկութիւններ հայ բանաստեղծութեան եւ կարգ մը հայ բանաստեղծներու երկերուն մասին:

«Հայրենաբաղձ Հնչիւններ»

Հայպետհրատը հրապարակ հանած է սփիւռքահայ 20 երգահաններու լաւագոյն գործերը ներկայացնող հաւաքածոյ մը` «Հայրենաբաղձ հնչիւններ» խորագրով: Երգերը հաւաքած, դասաւորած եւ հրատարակութեան յանձնած է ծանօթ երաժշտագիտուհի Ցիցիլիա Բրուտեան:

Յառաջաբանը նուիրուած է կարգ մը խորհրդածութիւններու: Հակառակ անոր որ սփիւռքի հայ երաժիշտները ապրած եւ ենթակայ գտնուած են զանազան օտար ազդեցութիւններու, այսուհանդերձ,  բոլոր երգահաններուն ալ ներկապնակը պահպանած է իր հայկական ակը, որովհետեւ, դիտել կու տայ Ց. Բրուտեան, «այդ երգերի ամէն մի ձայնանիշում ներգրուած են մայր հայրենիքից դուրս, օտար ափերում ապրող, բայց հայրենիքի ու ժողովրդի համար տրոփող հայ ստեղծագործ երաժիշտների սրտերը»:

Հաւաքածոյին առաջին էջերը նուիրուած են երգահան Գուրգէն Մ. Ալէմշահի: Յաջորդաբար արտադրուած են` Ժան Ալմուխեանի, Նիկոլ Գալանտերեանի, Եդուարդ Յակոբեանի, Գոհարիկ Ղազարոսեանի, Աւետիս Մեսումենցի, Վարդան Սարգիսեանի, Աշոտ Պատմագրեանի եւ այլ տաղանդաւոր երգահաններու աչքի զարնող երգերը:

Երկրորդ մասը կը ներկայացնէ խմբերգներու վարպետ Գրիգոր Սիւնիի, Սարգիս Պայթայեանի, Կարօ Կարապետեանի եւ Կարապետ Յարութիւնեանի աչքառու գործերը: Հաւաքածոն կը ներկայացնէ ընդամէնը 28 մեներգներ եւ 12 խմբերգներ:

Վրացիները Հայոց Մասին

Լոյս տեսած է Տիգրան Կարապետեանի «Վրաց գրական միտքը Հայաստանի եւ հայերի մասին» աշխատութիւնը:

Օգտուելով արդէն հրապարակուած եւ վրացական դիւաններուն մէջ դեռ անտիպ գրութիւններէ, լայն մէջբերումներ ընելով վրացի անուանի գրողներու նկարագրական էջերէն եւ խորհրդածութիւններէն` հեղինակը ցոյց կու տայ, թէ վրացիներու գրական միտքը որքան բարձր գնահատած է հայ ժողովուրդը, Հայաստանն ու անոր չքնաղ բնութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES