Երեւանի Մէջ Շրջապտոյտ` Սուրիահայ Պատանիներուն Համար
Շաբաթավերջին, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի հովանաւորութեամբ, շուրջ 130 սուրիահայ մանուկներու եւ պատանիներու համար կազմակերպուեցաւ շրջապտոյտ մը մայրաքաղաքին մէջ:
Շրջապտոյտը, որուն ընթացքին սուրիահայ մանուկներն ու պատանիները ծանօթացան Երեւանի տեսարժան վայրերուն, յուշարձաններուն եւ մայրաքաղաքին պատմութեան, սկսաւ Հանրապետութեան հրապարակէն եւ տեւեց շուրջ երկու ժամ:
CATEGORIES Հայկական