Ակնարկ. Սեւ-Ճերմակի Բաժանարար Գիծերէն Առաջ Եւ Ետք
Հայաստան-Ռուսիա միջնախագահական ձեւաչափով Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին վերաբերող պաշտօնական լրատուութիւնը արտակարգ որեւէ կէտ չէր պարփակեր: Այդ լրատուութեան մեկնաբանութիւնը շատ պարզ է ու միանշանակ: Ռազմավարական յատուկ գործընկերներու միջեւ կայացած հերթական հանդիպումի սահմաններէն դուրս չեկող երեւոյթ է անիկա, որ կ՛ամփոփուի հետեւեալ ձեւով.
Ա.- Կազմուած է հայ-ռուսական միջկառավարական յանձնախումբը, որուն առաջին նիստը տեղի կ՛ունենայ աշնան, Երեւանի մէջ:
Բ.- Հաստատուած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը 2011-ին հասած է 1 միլիառ տոլարի, իսկ 2012-ին առաջին ամիսներուն աճած է 32 առ հարիւրով:
Գ.- Խօսուած է ռազմաարհեստագիտութեան եւ Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանի տեղակայման ժամկէտը երկարաձգելու 2010-ի որոշումին մասին: Այս առումով վերահաստատուած է, որ աշնան, Հայաստանի մէջ կը կայանայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ռազմափորձը: Մինչեւ այստեղ, որեւէ նկատառելի նորութիւն չկայ: Միջպետական, առաւել եւս միջգործընկերային յարաբերութիւններու պարունակին մէջ տեղաւորուող օրինաչափ քննարկումներ եւ հաստատումներ են այս բոլորը:
Հիմնական հարցը, հրապարակուած այս կէտերէն դուրս է անշուշտ: Ռուսիոյ նախագահը ռուսական բեւեռի վերաձեւաւորման աշխարհաքաղաքական իր ծրագիրներու մշակման մէջ առաջ կը քշէ Եւրասիական միութեան տեսակէտը: Չէ բացառուած անշուշտ, որ այս թեման ուղղակի կամ անուղղակի քննարկման առարկայ դարձած ըլլայ կարեւոր այս հանդիպումին:
Առաջադրուած այս միութեան Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան հարցը ուշ կամ կանուխ պիտի յայտնուի պաշտօնական սեղանի վրայ: Ահա այստեղ է, որ պաշտօնական լրատուութեան բովանդակութեան մէջ որեւէ նորութիւն չեղող սակայն վերյիշեցման կարգով շեշտուած կէտերը կը նախանշեն նման հարցի պարագային պաշտօնական Երեւանի կայացնելիք որոշումը: Հայաստան-Ռուսիա միջկառավարական յանձնախումբի կազմութիւն եւ շուտով հանդիպում Երեւանի մէջ, Հայաստանի տնտեսութեան հիմնական ուղղութեան վերընդգծում, Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանի երկարաժամկէտ գոյութեան, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ռազմափորձերու Երեւանի մէջ կազմակերպումի որոշման եւ անվտանգութեան երաշխիքներու կարեւոր յիշեցումները պարզապէս այդ ուղղութեամբ մտածել կու տան:
Հայկական քաղաքական եւ տեղեկատուական դաշտը փորձ կը կատարէ Եւրասիական միութեան եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան եւ համարկման քաղաքականութիւնները հակադրելու, քաղաքական բաժանարարութեան գիծեր քաշելու եւ երկու միութիւններէն կամ արեւելումներէն (ռուսակա՞ն, թէ՞ արեւմտեան) մէկը իբրեւ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղի ընտրելու հարկադրանքին առջեւ դնելու ամբողջ պետութիւնը:
Արեւելումներու կամ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղուածութիւններու հետ կապուած խնդիրները սեւ ճերմակի տրամաբանութեամբ արծարծելը ոչ միայն պետական, այլ նաեւ հասարակական մտածողութեան առումներով ընկալելի չէ: Առաւել եւս, երբ կը խօսինք Հայաստանի Հանրապետութեան նման կիսաշրջափակուած, արտաքին թշնամիներու սպառնալիքները մնայուն դիմագրաւող, հրադադարի յաճախակի խախտումներով յատկանշուող իրավիճակներ դիմակայող երկրի պարագային, որ առ այսօր փոխլրացուցիչ կամ հաւասարակշիռ արտաքին քաղաքականութիւն կը փորձէ կիրարկել: Վերցնելով ռազմական ոլորտը օրինակ` միաժամանակ թէ՛ ՕԹԱՆ-ի եւ թէ՛ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ռազմափորձերուն մասնակցելով, թէ՛ խաղաղապահ ջոկատներով միջազգային առաքելութիւններ իրականացնելով եւ թէ՛ բազմակողմ համաձայնագիրներու հիման վրայ համագործակցութիւններ ծաւալելով:
Դժուար ընտրանքներու պահեր կրնան ներկայանալ տարբեր առիթներու: Պետական շահերը գերադասելու, անվտանգութեան խնդիրներուն հետ հաշուի նստելու եւ առաջնահերթութիւնները գերադասելու հրամայականները առաջնորդող ուղիի հիմնական մղիչ գործօնները պէտք է համարել` բաժանարար գիծեր քաշելէ եւ սեւ- ճերմակի ընտրանք կատարելու բացարձակ տեսութիւնները առաջ քշելէ առաջ: Մանաւանդ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հարցերու պարագային:
«Ա.»

