ԱՊՏԱԼԼԱ ԵՒ ՓԻԵԹՈՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պաղեստինի ազատագրութեան Կազմակերպութեան (ՊԱԿ) ներկայացուցիչ, դեսպան Ապտալլա Ապտալլան` ներկայութեամբ Ամալ շարժումի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու, նախկին նախարար Թալալ Սահիլիի:
Հանդիպումէն ետք Ապտալլա յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է պաղեստինեան իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, նախանցեալ օր Պըրրի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող հարցերը:
Խորհրդարանի նախագահին հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք Փիեթոն հաստատեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է շրջանային իրադարձութիւնները, մասնաւորապէս Լիպիոյ զարգացումները եւ քաղաքացիներու անվտանգութեան երաշխաւորման անհրաժեշտութիւնը:
Փիեթոն դիտել տուաւ, որ Պըրրիի հետ քննարկած է նաեւ Լիբանանի մէջ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ի գործ դրած ջանքերը` Լիբանանի յաջորդ կառավարութիւնը կազմելու նպատակով: Ան մաղթեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը կարելի ըլլայ ամէնէն մօտիկ ապագային, որովհետեւ Լիբանան կարիքը ունի իր հաստատութիւններուն աշխատանքին եւ կը գտնուի միջազգային իր յանձնառութիւնները ամբողջացնելու հարկադրանքին տակ:
Պըրրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին` ներկայութեամբ երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի: Քննարկուեցան Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի նորագոյն զարգացումները: