Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Յաջողութիւնները Պետական Քննութիւններուն
Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէնութիւնը գոհունակութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ իր աշակերտները պատուաբեր յաջողութիւններ արձանագրած են լիբանանեան պետական քննութիւններուն:
Բ. Պաքալորէայի կենսաբանութեան բաժինի քննութիւններուն յաջողած են ինը աշակերտներէն ութը.- Լոռի Գանտահարեան, Ռիթա Պեքերեճեան, Սիւզան Սահակեան, Կարինէ Տօնապետեան, Սերուժ Գուճանեան, Ճորճ Էֆէեան, Պետիկ Հէօյիւքեան եւ Աբիկ Տեկիրմէնճեան:
Բ. Պաքալորէայի տնտեսագիտութեան բաժինի քննութիւններուն յաջողած են եօթը աշակերտներէն վեցը.- Մարինա Տիարպի («լաւ» յիշատակութեամբ), Դուին Գարակէօզեան, Թալին Մէտէտեան, Արշօ Յովհաննէսեան, Սագօ Անթունեան եւ Սեդօ Քիւսպեքեան:
Թեքնիք Պաքալորէայի վարչագիտութեան բաժինի քննութիւններուն յաջողած են 13 աշակերտներէն 11-ը.- Կարին Գարագիւլահեան (Լիբանանի երկրորդ բարձրագոյն միջինը), Նաթալի Թոքմաքճեան (Լիբանանի չորրորդ բարձրագոյն միջինը), Լալա Գալայճեան, Նայիրի Եագուպեան, Մեղեդի Հաճընլեան, Մեղեդի Պուտագեան, Լիանա Սահակեան, Լուսին Տեմիրճեան, Լիզա Պարտաքճեան, Ժոզեֆ Մինասեան եւ Պօղոս Մկրտիչեան:
Պրէօվէի պետական քննութիւններուն յաջողած են 10 աշակերտներէն 8-ը.- Միրէյ Արուսեան, Արշօ Ինճէեան, Ռիթա Կրակեան, Փաթիլ Մարգարեան, Շողակ Պազարպաշեան, Թամար Գունտաքճեան, Մհեր Գաբլանեան եւ Արա Թորոսեան:

