Ահմատինեժատ Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Մեքքայի Ժողովը Իսլամական Պետութիւններուն Միջեւ Լարուածութիւնը Մեղմացնէ

Մահմուտ Ահմատինեժատ

Այսօր իսլամներու սրբազան քաղաք Մեքքայի մէջ իր աշխատանքներուն պիտի սկսի Իսլամական արտակարգ վեհաժողովը:

Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ նախքան իսլամական վեհաժողովին ներկայ գտնուելու համար Սէուտական Արաբիա մեկնիլը յոյս յայտնեց, որ «այս ժողովը մեղմացնէ լարուածութիւնը իսլամական պետութիւններուն միջեւ, որոնք տարբեր կարծիքներ ունին Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն նկատմամբ, որոնք այդ երկիրներուն վրայ կ՛ազդեն»:

Ըստ իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութեան, Ահմատինեժատ յայտնած է, որ «այս առումով իրանցի ժողովուրդը աշխատանք կը տանի իսլամ ժողովուրդներու դիրքը ամրապնդելու, բան մը որ այս ժողովին ընթացքին պիտի կատարենք»:

Իրանի նախագահը յայտնեց, որ Մեքքայի ժողովը «պատմական եւ այժմէական կարեւորութիւն ունի, որովհետեւ թշնամիները իրենց ամբողջ ուժով կը գործեն, եւ այս առումով ժողովը պատմական առիթ մըն է, որ  իսլամ ժողովուրդներու պահանջները առաջնահերթութիւն դառնան»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի գովաբանեց իսլամները միախմբելու, իսլամական միասնութիւն յառաջացնելու եւ պառակտումը մերժելու խորհրդաժողովի սէուտական նախաձեռնութիւնը: «Իրան այդ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ», ըսաւ ան` իսլամներուն կոչ ուղղելով անցեալէն դաս քաղելով միասնականութիւն յառաջացնելու, պառակտումն ու տարակարծութիւնները մերժելու:

Սալեհի նախատեսեց, որ իսլամ ժողովուրդներուն ապագան փայլուն պիտի ըլլայ, հակառակ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ տեղի ունեցած կարգ մը իրադարձութեանց` աւելցնելով, որ ի վերջոյ արդիւնքը ի շահ իսլամ ժողովուրդին պիտի ըլլայ:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը գովաբանեց Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզի նախաձեռնութիւնն ու Մեքքայի մէջ իսլամական միասնութեան խորհրդաժողովի մը հրաւէրը` նշելով, որ այդ հրաւէրը ճիշդ պահուն կատարուած էր եւ իսլամական երկիրներու միասնութեան հաստատում մըն է:

Սալեհի յոյս յայտնեց, որ Մեքքայի մէջ Իսլամական միասնութեան չորրորդ արտակարգ վեհաժողովը ի շահ իսլամ ժողովուրդին արդիւնքներու յանգի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )