Սլէյման Ընդունեց Սուրիոյ Մէջ Լիբանանի Դեսպանը

Նախագահ Սլէյման եւ դեսպան Խուրի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման այսօր կէսօրէ ետք կ՛այցելէ Ժիպէյլ, ուր ան կը ստուգէ շրջանին մէջ գործադրուող բարգաւաճման աշխատանքները, ինչպէս նաեւ երեկոյեան ժամը 8:00-ին Մայֆուքի եկեղեցւոյ մէջ ներկայ կը գտնուի Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով մատուցուելիք պատարագին:

Միւս կողմէ, երէկ Պէյթէտտինի մէջ նախագահ Սլէյման ընդունեց Սուրիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Միշել Խուրին: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային զարգացումները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Եուսեֆ Սալամէ, որ նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժորժ Քարաա, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES