Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը Սկսաւ. Ռեմ Պարտութեամբ Սկսաւ Նոր Տարեշրջանը

Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի մրցումները:

Ռեմ, որ 33 տարուան բացակայութենէ մը ետք վերադարձած էր Ա. դասակարգ, պարտութեամբ սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ իր դաշտին վրայ տեղի տուաւ Մարսէյի դիմաց:

Պենուա Շէյտու նշանակեց Մարսէյի եւ մրցումին միակ կոլը (77-րդ):

Ռեմ, որ 1949-էն 1962 վեց անգամ հանդիսացած է Ֆրանսայի ախոյեան, յաջողած է նաեւ երկու անգամ հասնիլ եւրոպացի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին:

Մինչ Ռեմ կրեց իր առաջին պարտութիւնը, անդին Մարսէյի նոր մարզիչ Էլի Պօ, որ փոխարինեց Տիտիէ Տեշանը, արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը.

Ստորեւ կու տանք Ա. հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները.

Նանսի – Պրեսթ 1-0

Թրուա – Վալանսիեն 0-1

Էվիան – Պորտօ 2-3

Սոշօ – Պասթիա 2-3

Նիս – Աժաքսիօ 0-1

Փարիզ Ս. Ժ. – Լորիան 2-2

Ռենն – Լիոն 0-1

Սենթ Էթիեն – Լիլ 1-2

Մոնփելիէ – Թուլուզ 1-1

Ռեմ – Մարսէյ 0-1

Share this Article
CATEGORIES