Հայաստանի Երիտասարդներու Ֆութպոլի Հաւաքականը Ժամանեց Ռեքսհեմ
Երէկ Ռեքսհեմ (Կալես) ժամանեց Հայաստանի երիտասարդներու ֆութպոլի հաւաքականը, որ այսօր Եուրօ- 2013-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ մրցում մը ունի կատարելիք դաշտին տիրոջ դէմ:
Ռեքսհեմի մէջ հաւաքականին միացաւ Մասիս Ոսկանեան, որ ժամանեց Պելճիքայէն:
Հայկական պատուիրակութիւնը հանգրուանած է «Ռամատա» պանդոկին մէջ, կը յայտնէ Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը:
Հայրենի ֆութպոլիստները երէկ իրենց փորձերը կատարեցին «Ռէյսքորս» մարզադաշտին վրայ, որ կրնայ հիւրընկալել 10,500 հանդիսատես: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ նոյն վայրին մէջ, ժամը 21:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
CATEGORIES Մարզական