Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցում. Այսօր` Հայաստան-Պիելոռուսիա

Այսօր` չորեքշաբթի, 15 օգոստոսին, ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Պիելոռուսիան: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Ըստ գրաւի գրասենեակներուն, մրցումին յաղթականը պիտի ըլլայ Հայաստան:

Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը երէկ հրապարակեց այս մրցումին վերաբերեալ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեանի տուած մամլոյ ասուլիսին լրատուութիւնը:

Ստորեւ կու տանք այդ մամլոյ ասուլիսին շահեկան բաժինները (անիկա տեղի ունեցաւ հանրապետական մարզադաշտին մէջ).

Վարդան Մինասեան

«Մեր մրցակիցին մասին յաջողեցանք բաւական լայն տեղեկութիւններ ձեռք ձգել, որպէսզի անոնցմէ առաջնորդուելով կարենանք օգտագործել անոր կատարած սխալները եւ վերջիններս ի շահ մեզի վերածելով տիրապետել մրցումին: Մեր մրցակիցին մակարդակը որոշ չափով Պուլկարիոյ նման է եւ անկէ ալ քիչ մը պակաս:

«Ունինք կարգ մը բացակայ մարզիկներ, սակայն հակառակ ատոր, պիտի փորձենք լաւ արդիւնք արձանագրել: Էտկար Մանուչարեանն ու Գէորգ Գասպարովը թեթեւ վնասուածքներ ունին եւ նոր սկսած են մարզուիլ: Լաւ կազմուածքի մէջ չեն Ռոպերթ Արզումանեանն ու Վարազդատ Հարոյեանը: Անձնագիրի հետ կապուած խնդիրներ ունի Մամետով: Կը փափաքէի Յովհաննէս Համբարձումեանը հրաւիրել, բայց այս անգամ ան երիտասարդներու հաւաքականին հետ դաշտ պիտի ներկայանայ:

Անտրէյ Խաչատրեան

«Ինչ կը վերաբերի մեր մրցակից կազմին հետ հանդէս եկող Անտրէյ Խաչատրեանին, լաւապէս դիտած եմ անոր կատարած վերջին տասը մրցումները: Սկիզբը կը կարծէինք, որ ան աջ կողմի յետսապահ է, սակայն պարզուեցաւ, որ ան դաշտ կը ներկայանայ ստանձնելով կեդրոնի միջնապահի պաշտօնը: Չեմ կարծեր, որ ան մեր հաւաքականին միանալու որեւէ յոյս ունենայ, որովհետեւ մենք այդ դիրքին վրայ ունինք աւելի քան վեց մարզիկ»:

Նշենք, որ հայրենի կազմը երէկ իր վերջին փորձերը կատարեց դռնփակ:

Ինչ կը վերաբերի օրուան իրաւարարներուն, անոնք պիտի ըլլան Վրաստանէն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )