Սուրիական Ազատ Բանակը Կը Բացայայտէ Հասսան Մըքտատը
«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը երէկ ցուցադրեց տեսանիւթ մը, որուն մէջ ան բացայայտեց լիբանանցի Հասսան Սելիմ Մըքտատը, որ, ըստ տեսագրութեան, ձերբակալուած է Սուրիական ազատ բանակին կողմէ եւ ան Սուրիա հասած է 3 օգոստոս 2012-ին` 1500 մարտիկ հաշուող զօրամասի մը շարքերուն միանալով եւ նպատակ ունենալով զօրակցիլ սուրիական վարչակարգին:
Տեսանիւթին մէջ Մըքտատ, որուն դէմքին վրայ յստակ էին ֆիզիքական տանջանքի ենթարկուած ըլլալու նշանները, շեշտեց, որ իր խումբին մաս կազմող մարտիկները կռուած էին Հոմսի, Հալէպի, Դամասկոսի եւ յատկապէս Սէյիտա Զէյնապ ուխտատեղիին մօտ:
Ան նշեց, որ ինք Սուրիա ուղղուած էր արձակազինութեան պարտականութեամբ` նշելով, որ իրենք մարզուած էին Պաալպեքի մէջ: Տեսանիւթին մէջ Մըքտատ կոչ ուղղեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարին վերջ տալու սուրիացիներուն դէմ իր դաւադրութիւններուն եւ առիթ տալու անոնց, որ ազատութեամբ եւ արժանապատուութեամբ ապրին:
Այս շրջագիծին մէջ, Հըզպալլայի կողմէ երէկ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կտրականապէս հերքուեցաւ, թէ Հասսան Մըքտատ իր անդամներէն է:
Միւս կողմէ, Մըքտատի ընտանեկան պարագաները, որոնք Հարաւային արուարձաններու մէջ կը բնակին, իրենց կարգին հերքեցին Հասան Մըքտատի Հըզպալլայի հետ կապը:
Անոնք շեշտեցին, որ Մըքտատ մէկուկէս տարիէ ի վեր կը գտնուի Սուրիա` նիւթական հարցերու պատճառով, եւ ոչ թէ այս ամսուան ընթացքին մուտք գործած է Սուրիա:
Մըքտատի ընտանեկան պարագաները հաստատեցին, որ նախորդ երկու օրերուն ընթացքին ան պէտք էր Լիբանան վերադառնար, որովհետեւ անոր ընտանիքը նիւթական հարցերը լուծած էր:
Հասսան Մըքտատի եղբայրը շեշտեց, որ իրենք մագլցողական քայլերու պիտի դիմեն, եթէ յառաջիկայ 24 ժամուան ընթացքին ան տուն չվերադառնայ: