Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Գումարեց Իր Ընթացիկ Նիստը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն նախագահեց համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:

Նիստէն ետք զօր. Աուն շեշտեց, որ նախկին նախարար Միշել Սըմահայի թղթածրարը կը գտնուի դատական իշխանութիւններուն մօտ` աւելցնելով, որ պէտք է առիթ տալ դատական իշխանութիւններուն իրենց աշխատանքը կատարելու` քաղաքական չարաշահումներէն հեռու մնալով:

Անդրադառնալով իր դէմ Հըզպալլայի կողմէ ծրագրուող մահափորձի հաւանականութեան գծով Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի կատարած զգուշացումներուն` զօր. Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի ամերիկեան դեսպանատան կողմէ արդէն իսկ հերքուած են այդ մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը:

Միւս կողմէ, նիստէն ետք խօսք առաւ նաեւ համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն, որ նշեց, թէ կառավարութեան կողմէ ընտրական օրէնքի վաւերացումէն ետք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ցեխարձակումներու կ՛ենթարկուի:

Ան յայտնեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը միջակ ընտրաշրջաններու բաժանումի կարելիութիւնը քննարկուած է Պքերքէի ընտրական յատուկ յանձնախումբին կողմէ, ինչպէս նաեւ քննարկուած է Ուղղափառ համայնքի համախմբումին մշակած ընտրական օրէնքը եւ համաձայնութիւն գոյացած, որ իրենք պատրաստ են որդեգրելու ընտրական այն օրէնքը, որ մեծամասնութեան հաւանութեան կ՛արժանանայ:

«Մենք կը զգանք, որ որոշ քաղաքական կողմեր կը հրաժարին իրենց նախնական հաւանութենէն կամ խուսանաւումներ կը կատարեն` աւելցնելով, որ կառավարութեան վաւերացուցած ընտրական օրէնքը նոյնանման է Պքերքէի յանձնախումբին մշակած օրէնքին, բացի հարաւային Լիբանանի եւ Աքքարի մէջ ընտրաշրջաններու բաժանումներէն», ըսաւ Աուն:

Նշենք, որ երէկ երեկոյեան զօր. Աուն «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին եւ անոր ընթացքին ինկած  նահատակներուն յիշատակը անթառամ կը մնայ:

«Ես մնայուն կերպով կը զօրակցիմ Դիմադրութեան եւ չեմ զղջար, որ 2006-ին զօրակցած եմ Դիմադրութեան, իսկ եթէ նման յարձակում կրկնուի` նոյն դիրքին մէջ պիտի ըլլամ, որովհետեւ անկարելի է Լիբանանի դէմ սանձազերծուելիք որեւէ պատերազմի գլուխ ծռել», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազը հարուածելու փորձերը կը միտին Լիբանանը լափել եւ կամ զայն ենթարկել քաղաքական եւ միջազգային այլ տարազներու, որոնք Լիբանանի գոյութեան կը սպառնան:

Իր խօսքը ուղղելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի` զօր. Աուն ըսաւ. «Մենք նոյն դիրքին վրայ կը գտնուինք եւ կը սեղմենք անոր ձեռքը, որպէսզի շարունակէ այս դժուար ճամբան` մաղթելով, որ այդ ճամբէն ինք յաղթական դուրս գայ»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )