Փանեթա Կը Խօսի Սուրիական Հողերուն Վերեւ Թռիչքներու Արգիլեալ Գօտիի Մը Հաստատման Հեռանկարին Մասին

Լէոն Փանեթա

Մինչ Իրան զգուշացուց, որ Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի ստեղծումը պիտի ըլլայ այն կայծը, որ շրջանին մէջ պատերազմ պիտի բռնկեցնէ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներ սուրիական հողերուն վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի հաստատելու բաւարար կարողութիւնը ունին, սակայն այդ մէկը կը պահանջէ շատ կարեւոր քաղաքական որոշում մը, որ տակաւին չէ տրուած»:

Ան նշեց, որ ամերիկեան վարչակազմը արտակարգ կացութիւններ հաշուի առնելով պատրաստած է կարգ մը ծրագիրներ, որոնք թռիչքներու արգիլեալ գօտիի հաստատման կարելիութիւնը կը ներառեն, «սակայն ուշադրութեան կը յանձնենք, որ այդ ծրագիրի գործադրութեան համար կարգ մը դժուարութիւններ կրնան ի յայտ գալ»: Փանեթա ընդգծեց, որ այդպիսի գօտիի մը ստեղծումը ներկայիս սեղանի վրայ գտնուող առաջնահերթութեանց գլխաւորը չէ:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «եթէ սուրիական տագնապը զարգանայ այնպիսի ձեւով մը, որ մեր ազգային ապահովութեան կ՛ազդէ,  ապա անհրաժեշտ եղած բոլոր նախազգուշական քայլերը պիտի որդեգրենք»: Ան նշեց, որ Ռուսիա ներկայիս սուրիական հարցին մէջ դրական դեր չի կատարեր:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական բանակի զրահապատ մեքենաներու 5-րդ զօրաբաժինը երէկ Քիլիսի մէջ սուրիական սահմանին շատ մօտ իսկական զինամթերքով ռազմափորձեր կատարեց: Ռազմափորձերուն մասնակցեցան զրահապատ մեքենաներ, հրասայլեր եւ «Սթինկըր» տիպի հակաօդային հրթիռներ:

Սէուտական «Ուաթան» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով օրաթերթին յայտնած է, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իշխանութենէն հեռանալու համամիտ գտնուած է, իսկ անոր եղբայրը` Մահեր Ասատ Դամասկոսի մէջ Ազգային ապահովութեան գրասենեակին դէմ կատարուած յարձակումին ընթացքին ոտքերը կորսնցուցած է եւ «ողջ մնալու համար կը պայքարի»: Սակայն աւելի ուշ, «Ռաշա Թուտէյ» հաղորդեց, որ ռուսական դիւանագիտական աղբիւրներ կը հերքեն Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանովին վերագրուած յայտարարութիւնը` նշելով, որ Պոկտանով սէուտական «Ուաթան» օրաթերթին որեւէ յայտարարութիւն չէ կատարած: Պոկտանովի գրասենեակը իր կարգին հերքեց սէուտական օրաթերթին Մահեր Ասատի մասին կատարած յայտարարութիւնը, իսկ անոր օգնականը նշեց, որ Պոկտանով արձակուրդի մէջ է եւ իրեն վերագրուած յայտարարութիւնները չէ կատարած:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահի քաղաքական հարցերով խորհրդական Պուսայնա Շաապանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով խորհրդական Ուինտի Շըրմընի նոյն ատեն Չինաստան գտնուիլը իրարու առնչուած չէ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )