Եթովպիոյ Սեւամորթ Հայերուն Մասին Վաւերագրական Ժապաւէն

Երուանդ Քուրաճեան

Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող երիտասարդ բեմադրիչ Արամազդ Քալաճեան նախաձեռնած է հետաքրքրական նախագիծի մը, որ նուիրուած է Եթովպիոյ սեւամորթ հայերուն:

Emedia.am կայքէջը կը գրէ, որ ժապաւէնին հիմը Եթովպիոյ մէջ ապրող հայ համայնքի սեւամորթ ներկայացուցիչներու կեանքն է: Զրոյցի ժամանակ անոնցմէ մէկը` Երուանդ Քուրաճեան կը պատմէ այն մասին, թէ ինք հայկական հին ընտանիքի ժառանգորդն է եւ վերջին սերունդի ներկայացուցիչը:

Մինչեւ հիմա հայկական սփիւռքի չլուսաբանուած այս էջին մասին ժապաւէնը իր աւարտին հասցնելու համար Քալաճեան ստեղծած է նախագիծի էջը` համապատասխան կայքէջին վրայ, որ կը զբաղի մշակութային հետաքրքրական նախագիծերու համար ֆինանսաւորման հայթայթումով: Էջին ոեւէ այցելու կրնայ տուեալ նախագիծին որոշ գումար նուիրել:

Share this Article
CATEGORIES