ՀՅԴ Երիտասարդական Գրասենեակը Ներկայացուց Այս Տարի Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ Տեղի Ունեցած Բանակումներն Ու Ճամբարները
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի ներկայացուցիչ Անահիտ Յարութիւնեան երէկ «Ուրբաթ» ակումբին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ` ՀՅԴ արտերկրի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները այս տարի Հայաստանի 8 շրջաններու մէջ 1000-է աւելի պատանիներու համար ճամբարներ ու բանակումներ կազմակերպեցին: Ան աւելցուց, որ ճամբարները եւ բանակումները տեղի ունեցան Վանաձորի, Սիւնիք մարզի, Արցախի, Մարտունի քաղաքի եւ այլ վայրերու մէջ:
ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան ներկայացուցիչ Պերճ Թորոս նշեց, որ միութիւնը ճամբար կազմակերպած էր Քաշաթաղի շրջանի Կովսական գիւղին մէջ գտնուող Թաթուլ Կրպէեանի անուան դպրոցին մէջ: Ճամբարին մասնակցեցան յարակից քանի մը գիւղերու բազմաթիւ երեխաներ եւ պատանիներ: Ան նաեւ նշեց, որ ճամբարի ընթացքին երեխաներուն հայրենասիրական երգեր կը սորվեցնէին, ինչպէս նաեւ անգլերէնի դասեր կը կազմակերպէին: Անահիտ Յարութիւնեան աւելցուց, որ ճամբարներուն մասնակցութիւնը անվճար եղած է. «Բոլոր ծախսերը կը հոգան միութիւնները` տարուան ընթացքին այդ նպատակով հաւաքուած գումարով»:


