Լորան Ֆապիւս Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Ժամանեց Լիբանան

Ֆապիւս եւ Մանսուր

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար  Լորան Ֆապիւս երէկ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ատնան Մանսուրի հետ:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Ֆապիւս ընդունուեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլիի կողմէ: Ֆապիւս իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ շեշտեց, որ իր այցելութեան հիմնական նպատակն է Լիբանանին զօրակցութիւն յայտնել` շեշտելով անոր անկախութեան եւ գերիշխանութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ քննարկել տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները` Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումներուն լոյսին տակ:

Օդակայանէն ետք տրուած Ֆապիւս ուղղուեցաւ Պուսթրոս պալատ, ուր ընդունուեցաւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ատնան Մանսուրի կողմէ:

Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Մանսուր ընդգծեց, որ քննարկած են շրջանային եւ միջազգային հարցերը, ինչպէս նաեւ Լիբանան ժամանած սուրիացի գաղթականներուն մարդասիրական օժանդակութիւններու մատուցման վերաբերող խնդիրներ:

Ան աւելցուց, որ ինք չի մեղադրեր այն պետութիւնները, որոնք իրենց քաղաքացիներէն պահանջած են մեկնիլ Լիբանանէն:

Իր կարգին Ֆապիւս մաղթեց, որ շրջանին մէջ արձանագրուող վատ զարգացումները չվարակեն Լիբանանը:

Ան նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Ֆապիւս նկատել տուաւ, որ Լիբանան պէտք է անշեղ մնայ ազգային միասնականութենէն եւ համերաշխութենէն` աւելցնելով, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ մաս կազմել ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն:

Ֆապիւս եւ Պըրրի

Ֆապիւս այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` ներկայութեամբ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:

Քննարկուեցան Լիբանանի եւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները:

Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանան իր մարդասիրական բոլոր պարտականութիւնները կը կատարէ Լիբանան ժամանող սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ 11 լիբանանցիներուն եւ Մըքտատ ընտանիքին մէկ անդամին առեւանգումն է, որ պատճառ դարձած է երկու ժողովուրդներուն միջեւ լարուածութեան:

Խորհրդարանի նախագահը Ֆապիւսէն խնդրեց, որ Փարիզ միջամտէ` ազատ արձակելու համար առեւանգուած լիբանանցիները:

Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու անհրաժեշտութիւնը:

Ֆապիւս շեշտեց, որ Փարիզ կառչած կը մնայ Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան ու գերիշխանութեան, եւ Պըրրիի յանձնեց Ֆրանսա այցելութեան հրաւէր մը:

Ֆապիւս եւ Միքաթի

Երեկոյեան վարչապետ Միքաթի ընդունեց Ֆապիւսը` ներկայութեամբ դեսպան Փաուլիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի որդեգրած կեցուածքը` շրջանային զարգացումներէն:

Հանդիպումէն ետք ի պատիւ Ֆապիւսի իֆթար մը սարքուեցաւ վարչապետարանին մէջ:

Այսօր առաւօտեան Ֆապիւս Պէյթէտտինի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ եւ ապա մամլոյ ասուլիս տալէ ետք պիտի մեկնի Թուրքիա:

 

Share this Article
CATEGORIES