Կառավարութիւնը Որոշեց Պետական Մարզի Պաշտօնեաներուն Շնորհել Ապրուստի Սղութեան Վերաբերող Յաւելումները

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ յետմիջօրէին Պէյթէտտինի ամարանոցին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը որոշեց պետական մարզի պաշտօնեաներուն եւս շնորհել ապրուստի սղութեան պատճառով տրուած յաւելումները, ինչպէս որ է պարագան սեփական մարզին, սկսեալ 1 փետրուար 2012-էն, ինչպէս նաեւ աւելի ուշ վերջնական կերպով վաւերացնել աշխատավարձի յաւելման աստիճանները:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք շեշտեց, որ կառավարութիւնը որոշած է կազմել նախարարական յատուկ յանձնախումբ մը` հետեւելու համար Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին, ինչպէս նաեւ աւելցուց, որ կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ յառաջիկայ 4 սեպտեմբեր 2012-ին:

Նախարարական յանձնախումբին պիտի նախագահէ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, իսկ անոր պիտի անդամակցին ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր եւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի:

Տաուք նշեց, որ նախագահ Սլէյման նիստին ընթացքին շեշտեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին երկրին Ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան մասին իր պատկերացումը մերժած է ներկայացնել արձանագրուած բացակայութիւններուն պատճառով:

Ան աւելցուց, որ կառավարութիւնը քննարկած է նաեւ երկրին ապահովական իրադարձութիւնները` շեշտելով, որ կառավարութիւնը յանձնառու է Լիբանանի մէջ գտնուող օտար քաղաքացիներուն անվտանգութեան:

Կառավարութիւնը մաղթեց, որ երկրին ապահովական ուժերը իրենց պարտականութիւնը լիովին կատարեն, յատկապէս Պէյրութի միջազգային օդակայանին ճամբուն վրայ արձանագրուած ապօրինութիւնները սանձելու առումով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )