Հայաստանի Կառավարութիւնը Որոշեց Մարդասիրական Օժանդակութիւն Տրամադրել Իրանի Աղէտեալներուն
Հայաստանի կառավարութիւնը երէկ որոշեց մարդասիրական օգնութիւն տրամադրել 11 օգոստոսին Իրանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժէն տուժած բնակչութեան:
Կառավարութիւնը 37 միլիոն դրամ ընդհանուր արժողութեամբ գոյք` վրաններ, ներքնակներ, քնապարկեր, բացովի մահճակալներ, ինչպէս նաեւ ըմպելի ջուր եւ պահածոյացուած մթերք պիտի ուղարկէ Իրան:
«Մենք մեր իրանցի գործընկերներուն հետ քննարկած ենք առաջին անհրաժեշտութեան պարագաները, որոնց կարիքը ունին մեր գործընկերները, եւ յառաջիկայ երկու օրերուն ընթացքին պիտի յստակեցնենք ցուցակը: Ինչպէս նաեւ երկու օրուան ընթացքին պիտի կազմակերպենք, որ այդ ապրանքները տեղափոխուին Իրան», կառավարութեան նիստին ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան:
CATEGORIES Հայկական

