ՄՈՒՍԱՈՒԻ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԶՕՐԱՒՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շաբաթավերջին կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ շեշտեց, որ Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի միջեւ յարաբերութիւնները անքակտելի են եւ այդ յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւն ստեղծելու ջանքերը չարաչար պիտի ձախողին:

Մուսաուի ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է կազմել զօրաւոր կառավարութիւն մը, որուն կ՛անդամակցին քաղաքական ազատ ուժեր, որոնք պատրաստ են աշխատելու ի խնդիր երկրին բարգաւաճման եւ կայունութեան հաստատման:

Մուսաուի շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի կայունութեան` աւելցնելով միաժամանակ, որ այդ մէկը կատարելու համար պէտք է վերջ տալ Լիբանանի մէջ ապակայունութիւն պատճառող տարրերուն:

Share this Article
CATEGORIES