Փառասէ՞ր, Թէ՞ Նուիրեալ
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Վազք, հեւք, բազմազբաղութիւն` մեր ամէնօրեայ խօսակցութեանց մէջ մշտականօրէն յիշատակուող վիճակներ են: Յաճախ, սովորութեան ուժով, նոյնիսկ անգործ մարդիկ այդ վիճակները վկայակոչելով` կը հիմնաւորեն իրենց խուսափումը համայնքային կեանքի իրենց մասնակցութենէն, կամ կը սակարկեն իրենց դերակատարութեան չափը:
Ո՛չ ոք ոեւէ մէկուն հանրային ծառայութեան գործ, աշխատանք կրնայ պարտադրել: Այդ գործին լծուելու մղումը պէտք է ըլլայ ներքին` անձնական, առանձնապէս հոգեկան բաւարարութիւն ստանալու ձգտումով: Որոշ անձերու մէջ այս մղումը կրնայ ըլլալ ուժեղ, այնքա՛ն, որ զանոնք ձեռքով-ոտքով հասարակական կեանքի յորձանուտին մէջ կը նետէ: Վտանգ կայ, անշո՛ւշտ, որ այս անձերը պիտակուին իբրեւ ցուցամոլներ, փառասէրներ, որոնք այնքան մոլուցքով կ՛աշխատին, որ ուրիշներուն տեղ չեն տար, թոյլ չեն տար մասնակցելու:
Այն, ինչ որ ցուցամոլութեան կամ փառասիրութեան կրնայ վերագրուիլ, նոյնքան արդարացումով կարելի է պարզապէս նկատուիլ յանձնառութեան ոգիի արդիւնք: Ապրուստի համար ութժամեայ կամ տասնաժամեայ սպառիչ աշխատանքէն ետք ուղիղ ակումբ կամ միութեան կեդրոն երթալու համար մէկը պէտք է իսկապէ՛ս հաւատաւոր ըլլայ, պէտք է իսկապէ՛ս իմաստ տեսնէ իր զոհաբերութեան մէջ: Հաւանաբար աւելի ճիշդ է այս պարունակին մէջ արժեւորել հասարակական կեանքի նուիրեալները, որպէսզի անոնց խնայուի բացասական այնպիսի զգայնութիւններ, որոնք կրնան հասնիլ իրենց անտեղի նախանձի դրդումներէն մեկնողներէ, այնպիսիներէ, որոնք ո՛չ մէկ օգուտ բերած են կամ մտադիր են բերել ընդհանրական կեանքին:
Ապերախտ ու անշնորհակալ գործ է հասարակական գործունէութիւնը: Կողքի կանգնողներս ջանանք գոնէ զայն անհաճոյ չդարձնել աշխատողներուն: