Իսրայէլ Եգիպտոսէն Կը Պահանջէ Իր Ծանր Զէնքերը Սինայէն Հեռացնել
Իսրայէլեան բարձրաստիճան աղբիւրներ իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Եգիպտոս պէտք է երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած «Քեմփ Տէյվիտ»-ի համաձայնագիրի զինուորական յաւելուածին հիմամբ Սինայէն հեռացնէ այն ծանր զէնքերը, որոնք վերջերս այդտեղ ուղարկած էր:
Այդ աղբիւրները նշեցին, որ իրենք մտահոգութեամբ կը հետեւին եգիպտական բանակի շարժումներուն` նշելով, որ «Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի միջեւ քաղաքական եւ ապահովական մակարդակներու վրայ կապերը տակաւին կանգուն են»:
Աղբիւրները նաեւ նշեցին ,որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Գահիրէի մէջ Իսրայէլի դեսպան Եաքոպ Ամիթայի միջեւ հանդիպումներ տեղի ունեցած են:
CATEGORIES Միջազգային


