Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը աւարտեց Աքքար կատարած իր հովուապետական այցելութիւնը` հաստատելով, որ Լիբանան միայն իր քրիստոնեայ եւ իսլամ գոյներով պէտք չէ ապրի: «Լիբանանի եւ Արեւելքի քրիստոնեաները պէտք է Արեւմուտքը ծանօթացնեն իսլամ կրօնին, իսկ Լիբանանի իսլամները պէտք է իսլամական աշխարհը ծանօթացնեն քրիստոնէութեան», ըսաւ ան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընը, որ բանակի հրամանատարին հետ քննարկեց բանակին վերաբերող խնդիրները: Զօր. Քահուաժիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի, որ բանակի հրամանատարին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու երկու բանակներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը: Քոնելլի այցելեց նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի:

ՆԱԽԱՆՑԵԱԼ երեկոյեան Ռաժա Զուհէյրի անունով քաղաքացի մը առեւանգուեցաւ Շուէյֆաթի մէջ: Զուհէյրին առեւանգողները անոր ընտանիքէն մէկ միլիոն տոլարի փրկագին մը պահանջեցին:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարութեան աղբիւրներ «Լիուա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Թուրքիա ոչ մէկ կապ ունի լիբանանցի քաղաքացի Հասսան Մըքտատի առեւանգումին հետ` աւելցնելով, որ այդ առեւանգումը Թուրքիոյ մէջ չէ կատարուած:

ՊԱԱՔԼԻՆԻ մէջ Իմատ Պաայնի անունով քաղաքացի մը առեւանգելու առումով շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը հերքուեցան:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի հետ: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանայի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ գտնուող քուէյթցիներուն մեծ մասը արդէն իսկ մեկնած է Քուէյթ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Ասիրի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կացութեան վատթարացման պարագային դեսպանատունը պիտի սերտէ իր դիւանագիտական անձնակազմը Պէյրութի մէջ պահելու կամ Ռիատ վերադարձնելու կարելիութիւնները:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ Հարաւային արուարձաններուն ճամբան բաց է բոլորին դիմաց` աւելցնելով, որ Հըզպալլա ոչ մէկ օրինազանցութեան պատասխանատու է:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը նախկին նախարար Միշել Սըմահայի թղթածրարին առումով գրաւուած ականներուն եւ պայթուցիկ նիւթերուն նկարները պիտի սպրդեցնէ, հակառակ Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղայտայի կողմէ այդ քայլին արգիլման:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի մօտիկ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի նկատմամբ նախագահ Սլէյման յատուկ յարգանք ունի, «սակայն դուռը թակողը պատասխանը պիտի ստանայ»:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ շեշտեց, որ Մարատա հոսանքը հանրապետութեան նախագահին հետ գժտուած չէ եւ Ազգային երկխօսութեան նիստին իր մասնակցութիւնը պոյքոթի չ՛ենթարկեր, որովհետեւ երկխօսութեան սկզբունքին համաձայն է: Ան աւելցուց, որ Լիբանանի կառավարութեան հակառակորդ կողմերը պէտք է Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցին առանց նախապայմաններու:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի իրաւաբաններու սենտիքայի նախկին նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին արձանագրուած ոճիրներուն պատիժը կը տարուբերի երեք տարուան բանտարկութեան եւ մահապատիժի միջեւ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ Լիբանանը վերածուած է զինեալ աշիրեթներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր հաշուոյն պետութիւն կերտած է եւ այդ հիման վրայ կը գործէ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր նշեց, որ լիբանանցիները հրաւիրուած են խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը վերահաստատելու երկրին մէջ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ զինեալ խմբաւորումներն են Լիբանանին իշխող կողմերը:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիական վարչակարգին գործիքները կը ջանան Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւնները աղաւաղել:

ՀԱՄԱՅՆԱՎԱՐ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Խալետ Հատատէ դատապարտեց առեւանգումներն ու ահաբեկչական ամէն ձեւի գործողութիւնները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ Լիբանանը իր դիմագրաւած տագնապէն կարելի չէ դուրս բերել, բացի արտակարգ կառավարութեան մը կազմութեամբ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին լուծումով կարելի է վերահաստատել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերէն, յայտնեց, որ ապահովական զգուշացումները հիմնական պատճառներն են` Ազգային երկխօսութեան նիստէն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի բացակայութեան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ կառավարութիւնը իր որդեգրած այս քաղաքականութեամբ զինեալ բոլոր խմբաւորումներուն դիմաց օրինազանցութեան ճամբան բացած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ թրքական վարչակարգը նեցուկ կը կանգնի Սուրիոյ զինեալներուն եւ կը հովանաւորէ անոնց արարքները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )