«Կը Մաղթենք, Որ Սուրիոյ Նկատմամբ Որդեգրուած Չէզոք Կեցուածքը Իսկապէս Գործադրուի» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ երէկ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան իրադարձութիւններուն, Սուրիոյ զարգացումներուն եւ լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ իրանեան-թրքական յարաբերութիւններուն: Անդրադառնալով երէկ լոյս տեսած օրաթերթերուն խորագիրներուն եւ շրջանային առումով տեղի ունեցող զարգացումներուն` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները կը շարունակուին իրենց մտահոգիչ թափով:
Ան ընդգծեց, որ Սուրիոյ իրադարձութիւններն ու զարգացումները դրացի երկիրներուն համար բաւական մտահոգիչ են, յատկապէս` Լիբանանի, Թուրքիոյ եւ Յորդանանի համար:
Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի միջեւ լարուածութեան եւ կացութեան բարդացումին պատճառը Սուրիոյ իրադարձութիւններուն հետ կապել միտող հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ այդ լարուածութիւնն ու բախումները ներքին հարցերու վրայ հիմնուած են եւ այդ հարցերը տարածուած են հիւսիսէն հարաւ եւ մինչեւ Պեքաա ու Լեռնալիբանան:
«Անոնք զուտ լիբանանեան հարցեր են, որոնք ստեղծուած են լիբանանեան ներքին քաղաքական տարակարծութիւններու հիման վրայ եւ հետեւանք են ընկերային կացութեան եւ հարցերու, աղքատութեան, չարիքի եւ դասակարգային պայքարի: Պապ Թըպպանիէի, Ժապալ Մըհսենի, պաղեստինեան գաղթակայաններու, Պեքաայի, Աքքարի, Պէյրութի, Հարաւային եւ Հիւսիսային արուարձաններու, հարաւային Լիբանանի եւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին: Ներքին լիբանանեան ապակայունութեան կողքին տակաւին կան արտաքին պայմաններ, եւ տուեալներ, որոնք կը չարաշահեն լիբանանեան պայմանները, եւ մենք կ՛ապրինք ապակայուն կացութիւն եւ լարուածութիւն», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ ներքին լիբանանեան առումով լարուածութիւնն ու տարակարծութիւնները հասած են իրենց գագաթնակէտին, եւ հաւանաբար միայն հրաշքով կարելի ըլլայ լուծել այս տագնապը:
Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած չէզոքութեան քաղաքականութիւնը մնաց կառավարութեան դարակներուն մէջ կամ կառավարութեան աշխատանքի դաշտի քուլիսներուն ետին` աւելցնելով, որ այդ որոշումը լիբանանցի ժողովուրդին եւ քաղաքական ղեկավարութիւններուն եւ ուժերուն վրայ չպարտադրուեցաւ:
«Այս պատճառով ալ Ազգային երկխօսութեան վերջին նիստին ընթացքին մենք հաստատեցինք, որ երկրին դիմագրաւած այսքան հսկայ տագնապին շրջագիծին մէջ անհրաժեշտ է, որ իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը միասնականացնեն իրենց ջանքերը` գործադրելու համար Սուրիոյ նկատմամբ չէզոք կեցուածքը: Անշուշտ շրջանային եւ միջազգային ամպիոններէն յայտարարուած պաշտօնական կեցուածքներուն պարագային հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը կը փորձեն կիրարկել Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ չէզոք մնալու Լիբանանի կեցուածքը, սակայն ընդհանրապէս ժողովրդային մակարդակի վրայ այդ կեցուածքը մնաց կարգախօսի սահմաններուն մէջ եւ այդ պատճառով է, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին շեշտուեցաւ այդ կեցուածքին իսկական գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:
Ան աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ վարչակարգին նկատմամբ թեր եւ դէմ կեցուածքներ կան: «Մեր կարծիքը այն է, որ Սուրիոյ վարչակարգին մնալուն կամ տապալելուն պարագային, Լիբանանի վրայ Սուրիոյ տագնապին ունենալիք հետեւանքները մեծ են», ըսաւ ան:
Լիբանան-Սուրիա դիւանագիտական յարաբերութիւններուն մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Լիբանանի կողմէ Սուրիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու երկար տարիներու պահանջէն ետք վերջինս ընդառաջած է պահանջին` աւելցնելով, որ այս հանգրուանին ոմանք կը պահանջեն խզել այդ յարաբերութիւնները: «Այս հանգրուանին նման քայլ մը առնելը անխոհեմութիւն պիտի ըլլայ», ըսաւ ան` նշելով, որ Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու դեսպաններուն կողմէ լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամտութիւնը կը ծառայէ անոնց երկիրներուն շահերուն եւ ոչ թէ Լիբանանի շահերուն:
Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այդ յարաբերութիւնները, հակառակ իրենց մտերիմ եւ հեզասահ չըլլալուն` օր մը օրանց պիտի չխզուին:
«Անոնց միջեւ յարաբերութիւնները հիմնուած են տնտեսական եւ քաղաքական շահերու վրայ: Իրան կարեւոր դիրք ունի` կարեւոր առանցքի մը մէջ, իսկ Թուրքիա կարեւոր դիրք ունի` Արեւմուտքին եւ Միացեալ Նահանգներուն համար, ինչպէս նաեւ ան յանձնառութիւն ստանձնած է դերակատարութիւն ունենալու Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս արաբական երկիրներուն մէջ: Թուրքիան ստեղծուեցաւ եւ անոր դերակատարութիւն ճշդուեցաւ` Իրանի հետ հաւասարակշռութեամբ», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ իրանեան դիւանագիտութիւնը հին է եւ անիկա 2500 տարեկան է, «թուրքերուն պարագային ալ ծանօթ է, թէ անոնք դիւանագէտներ են, հակառակ անոր որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին զերօ խնդիրներու քաղաքականութիւնը ձախող դուրս եկած է եւ վերածուած զուտ հարցերու քաղաքականութեան», յայտնեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ, որ հակառակ իրանեան-թրքական լարուած յարաբերութիւններուն, ինք չէ համոզուած, որ այդ յարաբերութիւնները կը խզուին:
«Թուրքիա օր մը օրանց արաբական երկիրներուն օժանդակել չի փափաքիր, ընդհակառակն` ան իր շահերը կը հետապնդէ: Այն պահուն, երբ Թուրքիա «Մաւի Մարմարա» նաւը առաքեց Կազա` պաղեստինցիներուն օժանդակութիւն հայթայթելու, իսկ արաբ ղեկավարներուն թերացումին պատճառով Էրտողան վերածուեցաւ արաբ ազգային ղեկավարի, մենք համոզումով յայտարարեցինք, որ կրնաք մէկուկէս երկու տարի սպասել եւ տեսնել, որ Թուրքիոյ դիմակը պիտի իյնայ եւ անոր իսկական դէմքը բացայայտուի: Իսկապէս ալ այդպէս եղաւ: Բայց եւ այնպէս, Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն լարուածութիւնը կրնայ նպաստել շրջանին մէջ տագնապի լուծման», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները պիտի մնան լարուած, սակայն պիտի չհասնին խզումի:
«Թուրքիա այսօր կարիքը ունի Իրանի օժանդակութեան` լուծելու համար ներքին թրքական շարք մը հարցեր, սկսելով` քիւրտերուն հարցէն, հասնելով ալեւիներուն թղթածրարին, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ներքին քաղաքական եւ տնտեսական տագնապին: Թուրքիոյ մէջ Էրտողանի եւ Կիւլի վարչակազմին դէմ հսկայ ընդդիմութիւն կայ: Թուրքերը հմուտ են աշխարհին ներկայացնելու գեղեցիկ եւ քաղաքակիրթ պատկեր մը եւ Արեւմուտքը` Եւրոպան եւ Միացեալ Նահանգները կ՛օժանդակեն Թուրքիոյ այդ պատկերը գծելու, զայն ներկայացնելու իբրեւ մարդկային իրաւունքներն ու ժողովրդավարութիւնը յարգող երկիր, սակայն իրականութեան մէջ, Թուրքիա ներքին հարցեր ունի եւ կարիքը ունի զերօ խնդիրներու: Հետեւաբար, Թուրքիա Իրանի հետ իր յարաբերութիւնները խզելու մասին չի մտածեր, որովհետեւ ինք գիտէ, թէ ինքն ալ ենթարկուած է բաժանումի», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Ան աւելցուց, որ Թուրքիա ներքին սադրանքներու նախապատրաստութեան աղբիւր է: «Թուրքիա կարեւոր դերակատարութիւն ունի շրջանին մէջ սիւննի-շիի սադրանքներ եւ լարուածութիւն ստեղծելու, ինչպէս նաեւ նպատակադրած է վերադառնալ արաբական շրջան: Թուրք ղեկավարները կը յայտարարեն, որ իրենք նոր օսմանցիներն են: Պէտք չէ մոռնանք, որ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը չէր հիւրընկալուած Թունուզի, Լիպիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ, հակառակ անոր որ Ուաշինկթըն քաջալերեց Պոլիսը դերակատարութիւն ունենալու եւ աշխարհիկ պետութիւն ըլլալու իր իրականութիւնը պարտադրելու այդ երկիրներուն մէջ», ըսաւ ան:
Իրանի դէմ ամերիկեան հարուածի մը հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ նման քայլ մը առնել կը նշանակէ հրկիզել ամբողջ շրջանը եւ ամբողջ աշխարհը: «Անշուշտ այս հանգրուանին Օպամա կը գտնուի նախագահական ընտրութիւններու սեմին եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ վերընտրուելու, իսկ այս ժամանակաշրջանին Միացեալ Նահանգներ Իրանը հարուածելու կարողութիւն չունին: Ո՞վ ըսաւ, որ Իրան հիւլէական զէնք ունի. ան մնայուն կերպով կը հաստատէ, որ ինք հիւլէական իր կարողութիւնները կ՛օգտագործէ խաղաղ նպատակներու համար, մինչդեռ շրջանին մէջ Իսրայէլ միակ ուժն է, որ հիւլէական զէնք ունի», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ ինք համոզուած է, որ այս հանգրուանին ոչ մէկ միտում կամ յարմարութիւն կայ Իրանը հարուածելու:
Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ ինք համոզուած է, որ իսլամական աշխարհին պատասխանատուութիւնն ու ղեկավարութիւնը արաբները պէտք է ստանձնեն:
Սուրիոյ տագնապին լուծման եւ Լախտար Իպրահիմիի ստանձնած առաքելութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ կարեւորը միջազգային եւ արաբական լուծման մը յանգիլն է` աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն, որովհետեւ անդրադարձաւ, որ պետութիւնները չեն զօրակցիր իր նախաձեռնութեան:
«Իպրահիմի ծանօթ է իր երկար համբերութեամբ, սակայն Լիբանանի պարագային ան Թաէֆի մէջ յաջողութիւն չէր գտներ, եթէ սուրիական, ամերիկեան եւ սէուտական հովանաւորութիւն չվայելէր», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ եթէ Իպրահիմի շրջան պիտի գայ կիրարկելու արաբական եւ միջազգային նախաձեռնութիւն մը` կրնայ յաջողիլ, այլապէս ան պիտի ենթարկուի Անանի ձախողութեան:
«Մենք չենք փափաքիր, որ Իպրահիմի ձախողի եւ Սուրիա մտնէ քաղաքացիական պատերազմի հանգրուան: Մենք` իբրեւ լիբանանցիներ, գիտենք ինչ ըսել է քաղաքացիական պատերազմ, հետեւաբար չենք մաղթեր, որ Սուրիան նման կացութեան մատնուի», յայտնեց ան:
«Լիբանանահայութիւնը իբրեւ փոքրամասնութիւն, սուրիական տագնապէն ի՞նչ ազդեցութիւններ կը կրէ» հարցումին պատասխանելով, Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ լիբանանահայերը իբրեւ Լիբանանի քաղաքացիներ մտահոգ են Լիբանանով: Ան ընդգծեց, որ լիբանանահայութիւնը ինքզինք փոքրամասնութիւն չի նկատեր, որովհետեւ ան Լիբանանի հիւսուածքին մաս կը կազմէ: «Մենք Լիբանանը բաղկացնող հիմնական եօթը համայնքներէն ենք, եւ Լիբանանը պահպանել փափաքողները չեն ունենար այնպիսի արտայայտութիւններ, թէ քրիստոնեաները փոքրամասնութիւն են, որովհետեւ մենք քանակի մասին չենք խօսիր, մենք կ՛անդրադառնանք Լիբանանի մէջ քրիստոնեաներուն գոյութեան, ազգային կեանքին մէջ անոնց ունեցած ներդրումին, համերաշխութեան եւ ազգային գոյակցութեան: Անշուշտ բոլորս մտահոգ ենք տիրող կացութեամբ եւ կը փափաքինք, որ Սուրիոյ մէջ հարցերը քաղաքական լուծումի յանգին», եզրափակեց Յ. Բագրատունի: