Թենիս. Անի Ամիրաղեան Պիտի Մասնակցի Իտալիոյ Մրցաշարքին
Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ թենիսի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Անի Ամիրաղեան, որ միջազգային դասաւորման մէջ կը գրաւէ 515-րդ դիրքը:
Ամիրաղեանի առաջին մրցակիցը պիտի ըլլայ իտալացի Քիարա Մենթօ:
Մրցաշարքին տրամադրուած ընդհանուր գումարը պիտի ըլլայ 10 հազար ամերիկեան տոլար: Անիկա պիտի աւարտի 26 օգոստոսին:
CATEGORIES Մարզական


