Ուքրանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Հենրիխ Մխիթարեան Հեթրիք Մը Իրագործեց
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող վտանգաւոր միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, նախորդ շաբաթավերջին իր ակումբին` Շախտիոր Տոնեցքի հետ Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին հեթրիք մը իրագործեց, երբ անոր կազմը 5-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Չեռնոմորեց Օտեսան:
Մխիթարեան, որ հեթրիքը իրագործեց 3-րդ, 83-րդ եւ 86-րդ վայրկեաններուն, այժմ 10 կոլով կը գրաւէ կոլսքորըրներուն պարագլուխի դիրքը:
Շախտիոր Տոնեցք, որ այժմ ապահոված է առաւելագոյն 18 կէտը, կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
CATEGORIES Մարզական