50 Տարի Առաջ ( 23 Օգոստոս 1962 )
Տոմսեր
Բարերարի Մը Ձերբակալութիւնը
Արեւմտեան Գերմանիոյ Հաքսհաուզէն քաղաքին մէջ վերջերս ձերբակալուած է բարերար մը, այն ամբաստանութեամբ, որ… չափազանց մեծ բարիքներ կը գործէր քաղաքին մէջ: Անոր ձերբակալութիւնը ժողովրդական մեծ յուզում առաջ բերած է: Թերթերը խորհրդային աստնաւորդներէն աւելի կարեւորութիւն ընծայած են այս դէպքին:
Ոստիկանութիւնը կ՛ըսէ, թէ Հեր Թիւպինկըր ձերբակալուած բարերարը, քաղաքին մէջ իր բարեգործութեան սկսելուն հետ միաժամանակ, սկսած են շատնալ նաեւ չարիքները: Խռովարարներու դաւադիրներու եւ ծոյլ քաղաքացիներու խմբակներ կազմուած են, որոնք կ՛օգտուէին Հեր Թիւպինկըրի բարերարութիւններէն:
Ոստիկանութեան առջեւ բարերարը յայտարարած է.
– Օր մը, չքաւոր մը եկաւ եւ ըսաւ, թէ ստիպողաբար դրամի պէտք ունի: Հրաշք չէր: Չքաւոր մը անշուշտ դրամի պէտք պիտի ունենար: Սակայն այս մէկը զիս համոզեց, որ իր ստացած դրամը հանրային նպատակներու ալ պիտի գործածէ` որոշ ձեռնարկներ ընելով: Գոհացուցի զինքը եւ ան յաջորդ օրը ուրիշ կարօտեալ մըն ալ բերաւ: Անոր ալ տուի: Վաղայաջորդ օրը` ուրիշ մը, եւ բոլորն ալ համոզիչ աղքատներ էին: Ինչպէ՛ս հասկնայի, որ անոնք, իմ դրամս ստանալէ ետք, «հանրային նպատակ» ըսելով` պիտի ուզէին ոստիկանատունը կրակի տալ, դրամատուն մը կողոպտել, իշխանութեան դէմ կռուիլ, քաղաքացիները մէկը միւսին դէմ լարել, խռովութիւն սերմանել, իրենց անձը պարտադրել ժողովուրդին:
Բարերար մը ի՜նչ գիտնայ այս ամէնէն: Բարերար մը, պարզապէս, դրամ ունեցող արարած մըն է: Ամէնագէտ չէ. թէեւ գիտեմ, որ կան դրամ ունեցողներ, որոնք կը կարծեն, թէ ամէն իմաստութիւն ալ շահած են, դրամին հետ:
Դատարանը մէկ տարի բարերարութիւն ընելու իրաւունքէ զրկած է Հեր Թինպինկըրը` իր անհոգ ու անտարբեր բարերարութեան համար, որովհետեւ չէ հետաքրքրուեր, թէ որո՞ւ կու տայ իր դրամը, եւ ի՞նչ կ՛ընեն ստացողները:
Պիտի քննուի նաեւ, թէ ան ի վիճակի՞ է արդար բարերարութիւն գործադրելու ասկէ ետք:
Թերթերը խմբագրականներով կ՛անդրադառնան դէպքին, եւ ոմանք կ՛առաջարկեն հանրային բարերարներն ալ քննութենէ անցընել, եւ անոնց դատողութիւնը, խիղճը, մանաւանդ ձգտումները քննելէ ետք, բարերարութիւն կատարելու իրաւասութիւն կամ արտօնագիր տալ:
Թղթակից մը կը գրէ, թէ մեր բարեգործականը դիտող մը ղրկած է Գերմանիա, եւ ուշի ուշով կը հետեւի Հեր Թիւպընկրի դատին ու բախտին…
ԳԻՍԱՒՈՐ
Կեանքը Շթորայի Մէջ
Քեմանչիստ Ռուբէն նոր գնահատուելու պէտք չունի: Անոր արժանիքներուն մասին խօսուած է յաճախ:
Համբաւը մարդուն երկրորդ կեանքն է: Ռուբէն արդէն այդ համբաւին տիրացած է շատոնց:
Օգոստոս 12 գիշեր ժամը 10:00-ին, մասնաւոր հրաւէրով, Զահլէ, «Օթել Քատրի»-ի մէջ նուագեց կարգ մը երեսփոխաններու, հիւպատոսներու եւ նախարարներու փափաքին գոհացում տալու համար:
Օգոստոս 13, երկուշաբթի, ժամը 5:00-ին, ալ եկաւ հոս, առանց մասնաւոր հրաւէրի ուրախացնելու համար Կազդուրման կայանի «Աղբալեան» վարժարանին կիրակնօրեայ լսարանի փոքրիկները: Մօտ 250 մանուկներ ներկայ եղան, նաեւ ծնողներ:
Հայ տղաք հայ շրջանակներու մէջ պէտք է փնտռեն իրենց զբօսանքն ու հաճոյքը: «Երաժշտութիւնը` միտքը, իսկ ուտելիքը մարմինը կը սնուցանէ», ըսուած է: Բնութիւնը ամբողջ երգ մըն է: Արդէն կեանքը երգերով կը սկսի: Գողթան երգերէն մինչեւ կոմիտասեան գեղջուկ երգերը յափշտակած են մեր սրտերը, անոնք մեր երեւակայութեան թռիչ տուած են: Ռուբէն մանուկներու հաճելի եւ հայրենասիրական երգերով եւ միշտ բացառութեամբ եւ զուարթ մթնոլորտ մը ստեղծելու տրամադրութեամբ նուագեց 13 եղանակներ, հայ հոգիները խանդավառեց եւ մանուկ սրտերու մէջ ցեղին կրակը վառեց:
Ներկայ ծնողներու փափաքին վրայ նուագեց նաեւ Սայաթ Նովայէն քանի մը կտորներ եւս: Առանց ոեւէ ակնկալութեան մը` խոստացաւ օգտակար ըլլալ «Աղբալեան» վարժարանին, երբ հոգաբարձութիւնը պէտք տեսնէ:
Գ. Դ. ԳՈՒՏՈՒԼԵԱՆ
1962 օգոստոս, 14 Շթորա

