Գաղութէ-Գաղութ

Քանատա

Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ`
«Արմինիըն Ֆեսթիվալ»-ը

Կազմակերպութեամբ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, վերջերս տեղի ունեցաւ 3 օրերու վրայ երկարող «Արմինիըն ֆեսթիվալ», որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան հայրենի երգիչներ Սոֆի Մխէեան, Ռազմիկ Ամեան, գաղութի երգիչներ` Էլի Պէրպէրեան եւ Ներսէս Ատուրեան: Հանդիսավարն էր Լիբանանէն հրաւիրուած Փիեռ Շամմասեան: Աւելի քան 3500 ազգայիններ այցելեցին «Ֆեսթիվալ»-ը: Ելոյթ ունեցաւ Մոնրէալի Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղին պարախումբը: Կազմակերպուեցան ծրագիրներ` մանուկներու, պատանիներու եւ երիտասարդներու համար: Բաժնուեցան մուտքի նուէրներ, գործադրուեցան խաղեր եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

Միացեալ Նահանգներ

 Կլենտէյլի Հայկական Վարժարանին Մէջ
Հայերէնի
Դասաւանդման Ծրագրի Մշակում

Կլենտէյլի հայկական «Շամլեան» վարժարանին մէջ այս տարեշրջանին պիտի ներառուի  հայերէնի դասաւանդման նոր ծրագիր: «Սարոյեանի նախագիծ» կոչուած  ծրագիրը նկատի առած է դասաւանդման նոր մեթոտներն ու ծրագիրները:

Ծրագրի մշակման համար դպրոցի վարչակազմը կազմած է յանձնախումբ մը` Քալիֆորնիոյ համալսարանի հայերէնի ամպիոնին մաս կազմող անդամներէ: Անդամներն են` Դալար Շահինեան-Մարուքեան, Շուշան Կարապետեան, Միրնա Տուզճան, ինչպէս նաեւ «Շամլեան» դպրոցի արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի նախագահներ` Արաքս Զարզաւաճեան եւ Սարօ Նազարեան:

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Դպրեվանքի Տեսուչ
Նարեկ
Արք. Ալեէմէզեանին Այցելութիւնը

օգոստոս 1-ին  թեմի  առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգային  առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան անդամներէն, միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ եւ դպրեվանքի  Տեսուչ Նարեկ  արք. Ալեէմէզեանին այցելութիւնը:

Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու  եւ տեղեկութիւններ փոխանակելու թեմի աշխատանքներուն ու մասնաւորաբար Դպրեվանքի ծառայական գործունէութեան մասին: Նարեկ սրբազանը մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ դպրեվանքի յառաջիկայ տարուան ծրագիրներուն ու սաներու արձանագրութեանց մասին. ան  նշեց, որ պիտի բացուի երիտասարդներու յատուկ դասարան մը, որուն կրնան միանալ  հոգեմտաւոր ուսման դիմող սաներ, 20-25 տարեկան: Դպրեվանքը  պիտի ընդունի նաեւ իր ընթացիկ դասարաններուն միացող սաներ, որոնք կրնան դիմել բոլոր գաղութներէն:

Կիրակի, 5  օգոստոսին, Նարեկ արք.  Ալեէմէզեան քարոզեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ  մայր եկեղեցւոյ մէջ: Նոյն օրը Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ  «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ ան ելոյթ ունեցաւ շահեկան դասախօսութեամբ մը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մասին «Դպրեվանքին առաքելութիւնը` այսօր» նիւթով:

Օգոստոս 12-ին, Ս. Աստուածածնայ   Վերափոխման  տօնին առիթով, Նարեկ արք.  Ալեէմէզեան քարոզեց Ֆրեզնոյի Ս.  Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ:

Առաջին Անգամ «Այ Փետ»-ով
Հայերէն
Սորվելու Ծրագիր

Վերջերս Դաւիթ Մարգարեան եւ  Սամուէլ Յովհաննէսեան հնարեցին «Սորվէ հայերէն» անունով ծրագիր մը «Այ Փետ»ի  համար, որուն օգնութեամբ կարելի է սորվիլ հայերէն այբուբենի տառերը, ինչպես նաեւ` աւելի քան 230 բառ »եւ 38 բանաստեղծութիւն:

Ծրագիրը ունի 3 բաժին: Առաջին բաժինով կարելի է սորվիլ, կարդալ, գրել եւ արտասանել հայերէն այբուբենի տառերը, ինչպէս նաեւ սորվիլ 230 բառ եւ 38 բանաստեղծութիւն:

Ծրագրի վերջին երկու բաժինները աւելի պարզ են. հոն կը տեսնենք անասուններու եւ առարկաներու նկարները:

Մասնագէտները յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած են նաեւ նկարներու ձեւաւորումին:

Հոգեհանգիստ` Սմբատ Արք. Լափաճեանին
Եւ
Լիզպոնի Հինգին

29 յուլիսին Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` նուիրուած Սմբատ արք. Լափաճեանին եւ Լիզպոնի հինգ նահատակներուն:              Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան իր քարոզին մէջ վեր առաւ Սմբատ սրբազանին ծառայական կեանքը եւ հինգ երիտասարդներուն անձնազոհութեան շարժառիթը: Ան շեշտեց, որ Լիզպոնի արարքը յուշարար մըն էր Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան մեր ժողովուրդին կրած տառապանքներուն եւ մեր հողային ու մշակութային կորուստներուն: Իրենց յանդուգն ու քաջարի արարքով անոնք վերահաստատեցին, թէ հայ ժողովուրդը երբե՛ք պիտի չմոռնայ իր իրաւունքները եւ դադար պիտի չտայ անոնց պայքարին, պիտի պահանջէ ճանաչողութիւն եւ արդար հատուցում:

Նշենք, որ նոյն օրը, յաւարտ ս. պատարագի, Լիզպոնի հինգին յիշատակին հոգեհանգիստ տեղի ունեցաւ թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ: Պատարագիչ հոգեւոր հայրերը կարդացին այս առիթով առաջնորդ սրբազանին պատգամը:

 «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» Շքանշան`
Գենեթ
Եւ Սինթիա Նորեաններու

Յուլիս 22-ին, առաջնորդանիստ Ս. Ղեւոնդեանց մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ: Ապա կարդացուեցաւ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին առաքած կոնդակը, որով կը տեղեկացուէր, թէ ընդառաջելով թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի  խնդրանքին` Գենէթ եւ Սինթիա Նորեան ամոլը պիտի արժանանայ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանին, իրենց ազգօգուտ ու եկեղեցանուէր երկարամեայ, վաստակեալ գործունէութեան համար:

Ապա սրբազանը կատարեց «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանի տուչութիւնը,  շնորհաւորեց Նորեանները եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց, որ երկար տարիներէ ի վեր անձնուէր ծառայութիւն կը մատուցեն Արեւմտեան թեմէն ներս եւ իրենց իշխանական նուիրատուութեամբ կնքահայրներէն եւ բարերարներէն են Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ:

Արարողութեան աւարտին, առաջնորդարանի «Զօրայեան» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` ի պատիւ պարգեւատրեալ ամոլին:

Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւնը
5000
Տոլար Տրամադրեց ՀՕՄ–ի
Սուրիահայ
Օգնութեան Աշխատանքներուն

15 օգոստոս 2012-ի երեկոյեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Անի Քէշիշեանի ընկերակցութեամբ` Հայ օգնութեան միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ այցելեցին Լոս Անճելըսի Քեսապի Ուսումնասիրաց միութեան վարչութեան ատենապետ Եսթեր Չէլէպեան-Թաքնոզի եւ գանձապահ Վարդան Փօլատեան. անոնց կ՛ընկերակցէր նաեւ ծանօթ բժիշկ Հրայր Աթիկեան: Անոնք կարեւոր հանդիպում մը ունեցան շրջանի ՀՕՄ-ի նորընտիր Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լենա Պօզոյեանի, փոխատենապետ Գարմէն Լիպարիտեանի եւ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակի տնօրէն Ժասիկ Ջառահեանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին սրտցաւօրէն քննարկուեցան Սուրիոյ մէջ տիրող քաղաքական ահաւոր վիճակը եւ անոր իբրեւ հետեւանք սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները, որոնց արձագանգը հասած է մինչեւ Քեսապ:

Միութեան ներկայացուցիչները բարձր գնահատեցին սուրիահայութեան օգնութեան հասնելու ՀՕՄ-ի նախաձեռնութիւնը եւ 5000 տոլար նուիրեցին ՀՕՄ-ի «Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ»-ին: Զրոյցին ընթացքին շեշտուեցաւ սուրիահայութեան օգնելու հարցը համագաղութային երեւոյթի վերածելու հրամայականը, որուն, վստահաբար, պիտի զօրակցի համայն հայութիւնը:

Շրջանային վարչութեան անունով, ատենապետ Լենա Պօզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց Լոս Անճելըսի Քեսապի Ուսումնասիրաց միութեան վարչութեան` այս գնահատելի նախաձեռնութեան համար, եւ մաղթեց, որ անիկա բարի օրինակ հանդիսանայ հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն:

Պարգեւատրում` Եդեմի Սուրբ Աստուածածին
Հայաստանեայց
Եկեղեցւոյ Մէջ

Յուլիսին 15-ին թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Եդեմի Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց եկեղեցւոյ մէջ:

Ապա սրբազանը առաջնորդարանի «Հայ ոգի» շքանշանով պարգեւատրեց եկեղեցւոյ մէջ նուիրեալ ծառայութիւն մատուցող կիսասարկաւագ Տէյվիտ Եահնեանը եւ Սեմ Ֆարսաքեանը:

Սրբազանը յատուկ գնահատանքի արժանացուց Էլըն Եղիա սրկ. Ճենտեանը, որ անցնող երկու ամիսներուն ընթացքին իր հոգեւոր ծառայութիւնը մատուցեց,  նկատի ունենալով, որ ծուխը մնայուն հոգեւոր հովիւ չունէր:

 

 

Մեծարանքի Երեկոյ` Ի Պատիւ «Մարմարա» Օրաթերթի Փոխխմբագրապետուհի Մաքրուհի Պիւյիւք–Յակոբեանի

Կազմակերպութեամբ մշակութային յանձնախումբին, 20 յուլիսին Պոլսահայ միութեան «Հրանդ Տինք» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ` նուիրուած «Մարմարա» օրաթերթի փոխխմբագրապետուհի Մաքրուհի Պիւյիւք-Յակոբեանի` իր Լոս Անճելըս այցելութեան առթիւ:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մշակութային յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Յովհաննէս Գ. Աւետիքեան, որ ներկայացուց մեծարեալին կենսագրականը:

Հոգաբարձութեան ատենապետ Էտուին Մինասեան իր խօսքին մէջ նշեց կարեւորութիւնը Պոլսոյ հետ փոխադարձ կապին:

Միութեան գործադիր մարմինի ատենապետ Գուրգէն Պերքշանլար հպարտանքով արտայայտուեցաւ Պոլսոյ մէջ կատարուած առողջ եւ աշխուժ աշխատանքներուն մասին, որոնք պոլսահայ մշակոյթին իրականութիւնն ու գոյատեւումը կը ներկայացնեն:

Այնուհետեւ խօսք առաւ օրուան հիւրը` Մաքրուհի Պիւյիւք-Յակոբեան, որ նախ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց սոյն հաւաքոյթով ու փայլուն խօսքերով զինք պատուելուն համար: Ան բացատրութիւններ տուաւ Պոլսոյ հայկական երգչախումբերու եւ պարախումբերու ներկայացուցած ելոյթներուն, նաեւ մամուլին մասին աւելցնելով, որ հայապահպանման ու զարգացման համար գերագոյն ճիգ կը տարուի: Հիւրը բացատրութիւններ տուաւ նաեւ հայկական վարժարաններուն, ուսուցիչներուն, եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի իրադարձութիւններուն նկատմամբ իրենց մօտեցումներուն եւ այնտեղ տեղի ունեցող մշակութային ու քաղաքական լուրերուն իրենց արձագանգին, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան հետ իրենց ունեցած սերտ կապերուն մասին:

Աւարտին «Էսայեան» վարժարանի Սանուց յանձնախումբի ատենապետուհի Ալին Տօնիկեան ողջունեց հիւրին գալուստը, իսկ  միութեան մշակութային յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Աւետիքեան անոր յանձնեց յուշանուէր մը` իր այս այցելութեան առթիւ:

 

 

Գերմանիա

Հայ Եւ Թուրք Երաժիշտներ Հանդէս Կու Գան
Պոլսոյ
Եւ Պերլինի Մէջ

Օգոստոս 1-ին  Պոլսոյ «Պոսֆոր» համալսարանի Գարանտիի մշակութային կեդրոնի բեմին վրայ, իսկ 3 օգոստոսին Պերլինի մէջ ելոյթ ունեցաւ հայ եւ թուրք երիտասարդ երաժիշտներէ կազմուած Թուրք-հայկական երիտասարդական սիմֆոնիք նուագախումբը:

Նուագախումբը բաղկացած էր թուրք եւ հայ 56 երիտասարդ երաժիշտներէ: Խմբավարն է Աքպանքի սենեկային նուագախումբի խմբավար Ճեմ Մանսուր,  իսկ մենակատարը` դաշնակահար Աշոտ Խաչատրեան: Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր Պեթհովենի, Ալեքսանդր Սպենդիարեանի, Ֆերիթ Թիւզունի եւ այլ երաժիշտներու գործերը:

Նուագախումբը փորձերու սկսած էր 23 յուլիսին:

Առաջին անգամ հայ եւ թուրք երիտասարդ երաժիշտները միասնաբար ելոյթ ունեցած էին յուլիս 2010-ին` «Պոսֆոր» համալսարանի եւ «Անատոլու Քիւլթուր» կազմակերպութեան աջակցութեամբ: Նախաձեռնութեան նպատակն էր սատարել երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան հաստատման եւ հեղինակներն էին Ճեմ Մանսուր եւ Նուարդ Անդրէասեան:

 

Հնդկաստան

Լոյս Տեսաւ «Հնդկահայք-2011» Տարեգիրքը

Օրհնութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, հովանաւորութեամբ Կալկաթայի Ս. Նազարէթ մայր եկեղեցւոյ վարչութեան, 8 օգոստոսին Կալկաթայի մէջ (Հնդկաստան) լոյս տեսաւ հնդկահայոց հոգեւոր հովուութեան եւ Հայոց մարդասիրական ճեմարանի «Հնդկահայք-2011» երկլեզու (հայերէն-անգլերէն) տարեգիրքը:

Տարեգրքի հիմնադիր-հրատարակիչն է հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ, Հայոց  մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ Խորէն վրդ. Յովհաննիսեան:

Հանրագիտարանային այս պրակը հնդկահայոց տպագրութեան  աւանդութներու շարունակութիւնն է եւ կը ներկայացնէ տարուան համայնքային անցուդարձն ու Մարդասիրական ճեմարանին գործունէութիւնը եւ յաջողութիւնները:

 

Պոլիս

Կազդուրման Կայանի Բացում

Վերջերս տեղի ունեցան «Գարակէօզեան տան» Գնալը կղզիի կազդուրման կայանի բացման հանդիսութիւնները նախագահութեամբ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի: Հանդիսութիւնները սկսան Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագով եւ հոգեհանգստեան արարողութեամբ` կազդուրման կայանի հիմնադիրներուն հոգիներուն համար:

Ապա տեղի ունեցաւ նոր մասնաշէնքի բացում, որ իրագործուած էր կղզիներու քաղաքապետարանին միջոցներով, զուիցերիաբնակ Վրթանէս ու Մարեա-Կրացեա Սաաթճը ամոլին բարերարութեամբ եւ Արսէն ու Շնորհիկ Ուրուն ամոլին նպաստով:

Այնուհետեւ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան, որուն ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր. խօսք առին կարգ մը անձնաւորութիւններ եւ տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու յանձնում:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES